Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Նշանակած Է ԱԱԾ-ի, Ոստիկանութեան եւ Զինուած Ուժերու ԳՇ-ի Նոր Ղեկավարներ

Վարչապետը Նշանակած Է ԱԱԾ-ի, Ոստիկանութեան եւ Զինուած Ուժերու ԳՇ-ի Նոր Ղեկավարներ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջարկած է փոխել Հայաստանի ուժային կառոյցներու ղեկավարները՝ զօրաբանակի-զօրավար  (գեներալ-լեյտենանտ)  Օնիկ Գասպարեանը նշանակած Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի (հրամանատարութեան) պետ, գնդապետ Արգիշտի Քեարամեանը՝ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն, իսկ գնդապետ Վահէ Ղազարեանը՝ Ոստիկանութեան պետ:

«Սիրելի հայրենակիցներ, մի շարք կարեւոր որոշումներ եմ կայացրել: Ըստ այդմ՝ գեներալ-լեյտենանտ զօրաբանակի-զօրավար Օնիկ Գասպարեանը նշանակուում է ԶՈւ Գլխաւոր շտաբի (հրամանատարութեան) պետ: Գնդապետ Արգիշտի Քեարամեանը նշանակուում է ԱԱԾ տնօրէն: Գնդապետ Վահէ Ղազարեանը նշանակուում է Ոստիկանութեան պետ: Որոշումները դե յուրե տէ ժուրէ ուժի մէջ կը մտնեն Հանրապետութեան նախագահի կողմից ստորագրուելուց յետոյ: Գեներալ-լեյտենանտ զօրաբանակի-զօրավար Արտակ Դաւթեանին, գնդապետ Էտուարտ Մարտիրոսեանին, գնդապետ Արման Սարգսեանին շնորհակալութիւն եմ յայտնում այս ընթացքում կատարած աշխատանքի եւ ներդրած ջանքերի համար: Որոշումները դե յուրէ ուժի մէջ կը մտնեն Հանրապետութեան նախագահի կողմից ստորագրուելուց յետոյ»,- ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան։

Աւելի վաղ Հանրապետութեան նախագահի լրատուական ծառայութենէն փոխանցեցին, որ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմը ստացած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկութիւնը՝ պաշտօններէն հեռացնելու ԱԱԾ-ի տնօրէն Էտուարտ Մարտիրոսեանը, ոստիկանապետ՝ Արման Սարգսեանը ու Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի (հրամանատարութեան) պետ Արտակ Դաւթեանը։

Գնդապետ Մարտիրոսեան ԱԱԾ-ի տնօրէն նշանակուած էր ընդամէնը երեքուկէս ամիս առաջ՝ Մարտ 19-ին, իսկ մինչեւ այդ, նախորդ տարուայ սեպտեմբերին նշանակուած էր ԱԱԾ-ի տնօրէնի պաշտօնակատար, երբ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան սկանտալով թողեց այդ աթոռը։

Գնդապետ Արման Սարգսեան նոյն օրը նշանակուած էր ոստիկանապետ, մինչ այդ, դարձեալ, անցեալ տարուայ սեպտեմբերէն ոստիկանութեան պետի պաշտօնակատարն էր՝ Վալերի Օսիպեանի պաշտօնանկութենէ յետոյ։

Ինչ կը վերաբերի Գլխաւոր շտաբի (հրամանատարութեան) պետին, ապա Արտակ Դաւթեան սկանդալի խայտառակութեան մը կիզակէտը յայտնուած է որդւոյն հարսանեաց հանդէսին պատճառով։ Ինչպէս «Ազատութեան» յայտնեցին փոխ վարչապետ՝ պարէտ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն, պարէտատունը կ’ուսումնասիրէ «Քորոնա» ժահրի եւ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ, Հայաստանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի (հրամանատարութեան) պետի որդւոյն հարսանեաց հանդէսի հարցը, եւ եթէ արտակարգ դրութեան կանոնի խախտում արձանագրուի, ապա խախտողները պատասխանատուութիւն կը կրեն։

«Հրապարակ» օրաթերթին հրապարակած տեղեկութեան համաձայն, կայացած է գեներալ-մայոր զօրավար՝ Արտակ Դաւթեանի որդւոյն հարսանեաց հանդէսը, պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական մասնաշէնքէն ոչ հեռու գտնուող իր շքեղ առանձնատունը, ուր ներկայ եղած են նաեւ ռազմական գերատեսչութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ. անոնց սպասարկող պաշտպանութեան նախարարութեան պետական համարանիշներով ինքնաշարժները կայանուած էին Արտակ Դաւթեանի առանձնատան մօտ։

Ինքը՝ գեներալ-մայոր զօրավար՝ Արտակ Դաւթեան, ըստ էութեան, չէ հերքած, որ «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն, որդւոյն հարսանեաց հանդէսը կազմակերպած է, ըստ «Արմէնփրես»-ին. «Օրէնքի առաջ բոլորն են հաւասար, եւ եթէ ես որեւէ խախտում եմ արել, կը կրեմ դրանից բխող պատասխանատուութիւնը: Ի հարկէ, ըստ իս, խախտում չի եղել, բայց թող դա պարզեն համապատասխան մարմինները: Պարզապէս ուզում եմ յիշեցնել՝ բոլորն ունեն անձնական կեանքի իրաւունք: Յորդորում եմ որոշ մարդկանց, լրատուամիջոցների չմտնել իմ եւ իմ ընտանիքի անձնական տարածք եւ փորձ չանել ինձ ներառել քաղաքական խաղերի մէջ»:

Արտակ Դաւթեան Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ նշանակուած է թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ, 2018 թուականի Մայիս 24-ին, մինչ այդ 5-րդ բանակային զօրամիաւորման հրամանատարն էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment