Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԵԿ-ի Նախագահ Դաւիթ Անանեան Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած է

ՊԵԿ-ի Նախագահ Դաւիթ Անանեան Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած է

by MassisPost

Հրաժարականը ներկայացուցած է Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի (ՊԵԿ) նախագահ՝ Դաւիթ Անանեան։ Այս մասին տեղեկացուցած է Անանեան ինքը, ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրելով. «Մամուլում շրջանառուող լուրերը փարատելու նպատակով, ցանկանում եմ տեղեկացնել, որ այսօր ՀՀ Վարչապետին եմ ներկայացրել աշխատանքից ազատման դիմում։ Շնորհակալութիւն եմ յայտնում բոլորին արդիւնաւէտ եւ արգասաբեր համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ աւելի քան երկու տարի այս պատասխանատու պաշտօնն ինձ վստահելու համար»։

Հրաժարականի պատճառի մասին Անանեան ոչինչ գրած է, ան չպատասխանեց «Ազատութեան» հեռախօսազանգերուն։

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կառավարութեան ենթակայ մարմին է, եւ Դաւիթ Անանեանի հրաժարականը պէտք է ընդունուի կամ մերժուի գործադիրի նիստին։

Թէ ինչ կը մտածէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՊԵԿ նախագահի հրաժարականի դիմումի մասին, փորձեցինք կապուիլ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Մանէ Գէորգեանի հետ, սակայն ան անարձագանգ թողեց «Ազատութեան» հեռախօսազանգերը։

Նախորդ օրերուն, ինչպէս յայտնի է, վարչապետ Փաշինեան շարունակաբար կը խօսի «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած անվտանգութեան կանոնները պահելու մասին, ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակելով բազմաթիւ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, ուր մարդիկ, գլխաւորապէս, կ’արհամարհեն այդ կանոնները։ Յունիս 3-ի հրապարակումներէն մէկը կը վերաբերէր ՊԵԿ-ի կազմին մէջ գործող մաքսային ծառայութեան աշխատանքին։ Լուսանկարը ցոյց կու տար ծառայութեան մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ խմբուած մարդիկ, որոնք չեն պահած ընկերային հեռաւորութիւնը։ «Արարատեան մաքսատուն: Պարոն Անանեան՝ կարգաւորէք արագ»,- գրած էր վարչապետը։

Այս գրառումէն յետոյ, այսօր կեսօրէ ետք, վարչապետը ֆէյսպուքեան նոր հրապարակութեամբ հանդէս եկաւ։ Լուսանկարը ցոյց կու տար Արեւմտեան մաքսատունը տիրող իրավիճակը, ուր մարդիկ, դարձեալ, չեն պահած ընկերային հեռաւորութիւնը։ «Արեւմտեան մաքսատուն. շատ մարդ չի վարակուի, ընդամէնը մէկ-երկու հոգի. շարունակութիւնը երկրաչափական յառաջատուութեամբ: Այս անպատասխանատուութիւնը անհետեւանք չի մնայ», – գրած է Նիկոլ Փաշինեան։

48-ամեայ Դաւիթ Անանեան, որ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վերջին երկու տարիներուն ֆինանսներու փոխ նախարարն էր, ՊԵԿ նախագահ նշանակուեցաւ թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ, 2018 թուականի Մայիսին։ Անանեան, ի դէպ, հարկային մարմիններուն մէջ աշխատած է 1993-էն, աշխատանքի անցնելով Երեւանի Խորհրդային տարածքային հարկային տեսչութիւն, որպէս հարկային տեսուչ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment