Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփի Ամերիկան

Թրամփի Ամերիկան

by MassisPost

Տանոլտ Թրամփի նախագահ ընտրութենէն ասդին, բոլորի աչքերուն առջեւ երկիրը կը կերպարանափոխուի՝ դժբախտաբար դէպի վատը: Թրամփ կը թերանայ իր պարտականութիւնները նուազագոյն չափով կատարելու մէջ եւ ընդհակառակը՝ տագնապները իրար կը յաջորդեն ու առաջնորդի յատկանիշներու բացակայութիւնը կը դառնայ ակնյայտ: Վերջին օրերու իրադարձութիւնները անգամ մը եւս եկան փաստելու որ, Տանոլտ Թրամփ չէ՛ այն անձը, որ ունակ է ղեկավարելու երկիրը, յատկապէս ճգնաժամային իրավիճակներու պարագային:

Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր երկիրը կ՛եռայ, ի տես Մինիափոլիսի մէջ ոստիկաններու կողմէ անմարդկային արարքին, որուն հերթական զոհը դարձաւ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտ: Նման երեւոյթները եզակի չեն ու կը շարունակեն կրկնուիլ Ամերիկայի գրեթէ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ, երբ որոշ ոստիկաններ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ կը գործադրեն բռնութիւններ, որոնք շատ յաճախ կ՛աւարտին մահուան ելքով: Նման դէպքերու միայն մէկ փոքր մասն է որ կ՛արժանանան մամուլի եւ ապա հանրային ուշադրութեան: Ճորճ Ֆլոյտի պարագային հակազդեցութիւնը եղաւ մեծ, քանի որ դէպքը տեղի կ՛ունենար օր-ցերեկով եւ նկարահանող սարքերու ներկայութեան:

Դէպքի նողկալի տեսարանները հեռատեսիլի ու ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուելէն անմիջապէս ետք, Մինիափոլիսի մէջ ծայր առին բողոքի ցոյցեր: Խաղաղ ցուցարարներէն անկախ, փոքրաթիւ ծայրայեղ տարրեր, օգտագործելով առիթը դիմեցին անկարգութիւններու: Այրուեցաւ շրջանի ոստիկանատունը, բազմաթիւ վաճառատուներ ենթարկուեցան քանդումի եւ կողոպուտի՝ կրելով մեծ վնասներ: Նման տեսարաներ պարզուեցան այլ քաղաքներու մէջ եւս:

Ամերիկայի նախորդ նախագահներուն օրօք եւս տեղի ունեցած են դէպքեր, սակայն անոնց առաջին արձագանքը միշտ եղած է հանդարտութեան եւ համերաշխութեան կոչ ընել ժողովուրդին, կարեկցանք ցուցաբերելով տուժողներուն՝ փորձել մեղմացնել իրավիճակը: Նախագահ Թրամփ, որդեգրեց իր նախորդներուն հակառակ ընթացք: «Երբ սկսի կողոպուտը, կը սկսի կրակոցը», եղաւ իր առաջն խօսքը, սպառնալով ցուցարարներուն ու այդպիսով իւղ թափելով կրակին վրայ: Ապա, ան մեղադրեց տեղական իշխանութիւններուն, որ անոնք շատ մեղմ կը գտնուին բողոքողներուն հետ եւ պէտք է «տիրապետեն փողոցին»: Բռնի ուժով ցրուեց Սպիտակ Տան առջեւ հաւաքուած խաղաղ ցուցարարները ու վերջաւորութեան սպառնաց բանակը մտցնել քաղաքներ, քայլ մը որ պատմութեան ընթացքին պատահած է հազուագիւտ պարագաներուն:

Թրամփի իւրաքանչիւր գրգռիչ յայտարարութենէն ետք ցոյցերը ստացան աւելի մեծ տարողութիւն, տարածուելով երկրի մէկ ափէն միւս ափը, ընդգրկելով ամէն ազգի, ցեղի եւ կրօնքի պատկանող երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ: Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Եւրոպական բազմաթիւ մայրաքաղաքներու մէջ, դատապարտելով Ամերիկացի ոստիկաններու բռնարարքները:

Այս բոլոր տեսարաններուն պատճառաւ, Ամերիկան կորսնցուց բարոյական իրաւունքը, այլ երկիրներուն դասեր տալու եւ ազատութիւններու մասին խօսելու առումով: Այսուհետեւ, ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը իրաւասու չէ պաշտպանելու Հոնք Քոնկի, Մոսկուայի եւ կամ Թեհրանի հրապարակներուն վրայ բողոքողներու իրաւունքները, ոչ թէ անոր համար որ, անոնց պահանջները արդար չեն, այլ այն պատճառաւ, որ Թրամփի Ամերիկան ձախողած եւ հեղինակազրկուած է աշխարհի աչքին:

Ձախողումներու շարքին է նաեւ համավարակի նկատմամբ անտարբերութիւնը, անգիտանալը եւ նախապատրաստական քայլերու բացակայութիւնը, որոնց պատճառաւ Թրամփի Ամերիկան մահացածներու թիւով աշխարհի մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը: Իսկ երբ անցեալ շաբաթ այդ թիւը հասաւ 100 հազարի, երկրի ղեկավարը զլացաւ անգամ ցաւակցական խօսք ուղղելու ժողովուրդին:

Թրամփի Ամերիկային մէջ ձախողումներու շարքը շատ երկար է եւ կարելի չէ բոլորը թուարկել: Ամէնօրեայ սկանտալները, օրէնքներու ոտնահարումը, բռնութեան քաջալերումը, ցեղային խտրականութեան հանդէպ հանդուրժող վերաբերմունքը, օրինապաշտ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հեռացումը, փտախտը կը կազմեն Թրամփի վարչակազմի գլխաւոր յատկանիշները:

Միակ բանը, որուն համար Թրամփ կրնար որոշ չափով արդարանալ՝ տնտեսութիւնն էր, որ ան ժառանգ ստացած էր իր նախորդէն եւ կարողացած պահել: Այժմ այդ ալ քայքայուած է եւ 40 միլիոն ամերիկացիներ մատնուած են անգործութեան:

Ամերիկայի հեղինակազրկումը սկսաւ այն օրէն երբ Թրամփ անակնկալօրէն ընտրուեցաւ նախագահ: Անցնող երեք ու կէս տարիները եկան փաստելու որ, Թրամփի Ամերիկան ձախող փորձարկութիւն մըն էր, որ պէտք է հասնի իր աւարտին՝ որքան շուտ այդքան լաւ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment