Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ապրիլեան Քննիչ Յանձնաժողովի Ժամկէտը Աւարտած է` Զեկոյցը կը Ներկայացնէ Աշնան

Ապրիլեան Քննիչ Յանձնաժողովի Ժամկէտը Աւարտած է` Զեկոյցը կը Ներկայացնէ Աշնան

by MassisPost

2016 թուականի Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը աւարտած է այսօր:

Յանձնաժողովը ստեղծուած էր անցեալ տարի Մայիս 31-ին, լիազօրութիւններու ժամկէտը եւս կէս տարիով երկարաձգուած էր Դեկտեմբերին: Զեկոյցը, քննիչ յանձնաժողովը կը ներկայացնէ աշնան:

«Ապրիլեան պատերազմին վերաբերող գաղտնի եւ ոչ գաղտնի ամբողջ տեղեկատուութիւնը այս պահին գտնուում է Ազգային ժողովում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ յանձնաժողովի նախագահ՝ Անդրանիկ Քոչարեան:

Քոչարեանի փոխանցումով՝ իրենց ձեռքին տակ հազարաւոր էջերով ցուցմունքներ ունին, հարիւր ժամէ աւելի տեսանիւթեր, մէկ տարուայ ընթացքին ամբողջադրած են այն նիւթերը, որոնք կը կարողանան լոյս սփռել քառօրեայ պատերազմի հանգամանքներուն վրայ:

«Երեք հիմնական հարցերի պատասխան պէտք է մենք կարողանանք տանք՝ մինչ Ապրիլեան պատերազմը մեր անվտանգութեան համակարգը պատրա՞ստ էր նման գործողութիւններին կանխարգելելու, երկրորդը՝ բուն պատերազմի ընթացքում մենք ամբողջութեամբ կարողացա՞նք ճիշտ օգտագործենք մեր Զինուած ուժերի հնարաւորութիւնները, եւ այն կասկածները, որ առաջնագծի մեր զինուորները մնացել են մենակ, կամ պետութիւնը լիարժէք չի կատարել իր հիմնական կառավարման խնդիրները՝ էդ հարցերի բոլոր պատասխանները մենք կու տանք եզրակացութեան մէջ, եւ վերջնափուլում՝ հակառակորդը ինչո՞ւ սկսեց եւ ինչպէ՞ս աւարտուեց Ապրիլեան պատերազմը, այսինքն՝ բանակցային գործընթացը, դրա մէջ բաւականին հետաքրքիր նրբերանգներ կան», – նշեց Քոչարեան:

Այս մէկ տարուայ ընթացքին, ըստ յանձնաժողովի նախագահին, հիմնականօրէն հարցաքննած են բոլոր կարեւոր անձերը, նախկին նախագահ, վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար, բացի 2016-ին Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնը գրաւած Իւրի Խաչատուրովէն. – «Եւ այդ մէկի բացակայութիւնը արդէն այդ մէկի խղճին է մնում»:

Հարցին, թէ «արդեօք այն, որ Խաչատուրովը չեկաւ, դրանից զեկոյցը շա՞տ կը տուժի», Քոչարեան արձագանգեց. – «Քիչ: Որովհետեւ Խաչատուրովի գալը պէտք էր առաջին հերթին Խաչատուրովին, որովհետեւ ինքն է եղել համար մէկ զինուորական պաշտօնեան, եւ Խաչատուրովի չգալով՝ ինքը արհամարհեց իր կառավարման տարիները, որովհետեւ իր ենթակաները, ովքեր անհրաժեշտ են եղել գալ, իրենք եկել են եւ աշխատել են մեզ հետ սիրով, ընդ որում՝ անկեղծ: Չգալը խօսում է, որ ինչ-որ բան էն չի: Այդ ինչ-որ բանի մասն է, որը որ հիմա ես չեմ հնչեցնի, եւ դա արդէն այլ ուսումնասիրութեան խնդիր է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment