Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախկին Դատաւոր Սամուէլ Ուզունեանի Վերաբերեալ Քրէական Գործը Կասեցուած է

Նախկին Դատաւոր Սամուէլ Ուզունեանի Վերաբերեալ Քրէական Գործը Կասեցուած է

by MassisPost

51 հազար տոլար կաշառք ստանալուն համար մեղադրուող նախկին դատաւոր Սամուէլ Ուզունեանի վերաբերեալ քրէական գործը կասեցուած է, մեղադրեալին գտնուելուն վայրը յայտնի չըլլալու հիմքով։ «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան` այս գործը քննած Յատուկ քննչական ծառայութեան խօսնակ՝ Մարինա Օհանջանեան ըսաւ, որ այս գործին միացած էր նաեւ Ուզունեանին Հայաստանը լքելու գործը, որմով կը քննուէր, թէ որու մեղքն էր ի վերջոյ, որ նախկին դատաւորը լքեց Հայաստանը։

Օհանջանեան նաեւ ըսաւ, որ ոստիկանութեան ծառայողներու արարքին հնարաւոր կ’ըլլայ գնահատական տալ, հետախուզման մէջ գտնուող մեղադրեալի յայտնաբերուելէն յետոյ:

Անցեալ Դեկտեմբերին, յայտարարուեցաւ նախկին դատաւոր Ուզունեանին առնչուող քրէական գործին մասին, մինչեւ նախաքննական մարմինը հասցնէ Ուզունեանին մեղադրեալ ներգրաւել, ան լքեց Հայաստանը։ Օդակայանը, Ուզունեանին պատկանող ճամպրուկին մէջ փամփուշտ յայտնաբերած էին ։ Անոր փախուստէն յետոյ քրէական գործ յարուցուեցաւ պաշտօնէական անփութութեան համար։

Ուզունեանը Հոկտեմբեր 27-ի գործը քննած դատաւորն է։ Քրէական գործը առնչուած է այն ժամանակամիջոցին, երբ Ուզունեան կը ղեկավարէր Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը: Ըստ Դատախազութեան` Ուզունեան 2007-ին, ապա եւ 2014-ին քաղաքացիներէն պահանջած է եւ տարբեր ժամանակահատուածներով ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք, դէպքի մը՝ 13 հազար, ուրիշ դէպքի մը՝ 38 հազար տոլար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment