Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Զինծառայողները Պիտի Մասնակցին Մոսկուաի Զօրահանդէսին

Հայ Զինծառայողները Պիտի Մասնակցին Մոսկուաի Զօրահանդէսին

by MassisPost

Հայկական բանակի 75 զինծառայողներ կը մեկնին Մոսկուա մասնակցելու Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի 75-ամեայ յաղթանակին նուիրուած զօրահանդէսին, «Ազատութեան» ըսած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։

Շարասիւնը, ըստ Ստեփանեանի, կը ծածանի պատերազմի եռակի շքանշանակիր Թամանեանական բաժանմունքի դրոշն ու Հայաստանի եռագոյնը։ Շքերթին մասնակցելու հրաւէր ստացած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարը, վերջինիս մասնակցութեան մասին առայժմ չէ հաղորդուած։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 1-ի Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին, յուսացած է, որ մինչ այդ ապաքինուած կ’ըլլայ «Քորոնա» ժահրէն եւ կը կարողանայ անձամբ մասնակցիլ միջոցառման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment