Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Ժողովը Չեղեալ Համարեց Սահմանադրական Հանրաքուէն

Ազգային Ժողովը Չեղեալ Համարեց Սահմանադրական Հանրաքուէն

by MassisPost

Ազգային ժողովը ընդունեց «Հանրաքուէյի մասին» սահմանադրական օրէնքի փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը առաջին ընթերցումով ընդունելու մասին հարցը։ Կողմ քուէարկեց 83, դէմ՝ 16 պատգամաւոր։ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւն խմբակցութիւնը դէմ քուարկեց այս նախագիծին։

Պատագամաւոր Նաիրա Զոհրապեան ըսաւ, որ խորհրդարանը կողմ քուէարկեց հակասահմանադրական օրէնքին, Ազգային Ժողովի լիազօրութիւնները սահմանուած են ՀՀ Սահմանադրութեամբ, եւ Սահմանադրութեան 208 յօդուածի հանրաքուէի մասով միայն մէկ դրոյթ կայ, հանրաքուէն յետաձգելու։ «Հանրաքաուէն չեղարկելու դրոյթ չկայ, նոյն տրամաբանութեամբ Ազգային ժողովը կարող է հիմա քուէարկել ու չեղարկել Յունիս ամիսը կամ Նոր տարին։ Այդ պատճառով, մենք յայտնելով յստակ քաղաքական դիրքորոշում, քուէարկել ենք դէմ»,- ըսաւ Զոհրապեան։

«Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունց ըսաւ, որ բոլոր օրէնքները պէտք է միտուած ըլլան ծառայելու ՀՀ քաղաքացիին եւ անոնց անհատական ու հանրային անվտանգութեան։ «Այս նախագիծն այն մասին էր, որ համավարակով պայմանաւորուած այս իրավիճակում հնարաւոր չէ պարզապէս անցկացնել հանրաքուէ եւ վտանգել մեր քաղաքացիների կեանքը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտութիւն է առաջացել չեղարկել հանրաքուէն»,- նշեց Մակունցը։ Լիլիթ Մակունց աւելցուց, որ․ «Եթէ մտավախութիւնն այն է, որ այս նախագծից յետոյ մենք ձեռնարկելու ենք քայլեր՝ այնուամենայնիւ գործող Սահմանադրական դատարանը համապատասխանեցնելու 2015 թուականի Սահմանադրութեանը, ապա պէտք է ասեմ՝ այո, մենք դա անելու ենք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment