Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «Կայծ» Երիտասարդական Միութիւնը Յայտարարութիւնը Ճորճ Ֆլոյտի Սպանութեան Կապակցութեամբ

«Կայծ» Երիտասարդական Միութիւնը Յայտարարութիւնը Ճորճ Ֆլոյտի Սպանութեան Կապակցութեամբ

by MassisPost

Վերջին մի քանի օրերու ընթացքին Ամերիկան դարձեալ ականատես եղաւ ոստիկանութեան դաժանութիւններուն եւ ռասիզմի օրինակներու, որոնց պատճառաւ այս երկիրը կը տառապի դարեր շարունակ:

Ոստիկանական բռնութեան այս դատապարտելի գործողութիւնները յառաջացուցին բողոքներու մեծ ալիք ամբողջ երկրի տարածքին՝ ի պատասխան Ճորճ Ֆլոյտի սարսափելի մահուան՝ ոստիկանութեան չորս անդամներուն ձեռքով: Մենք կը հաւատանք, որ այս բողոքի գործողութիւնները պէտք է մնան խաղաղ եւ ոչ բռնի, որպէսզի պահպանեն «սեւ կեանքեր» շարժման իսկական նպատակները:

Որպէս ամերիկահայեր, մենք չենք կրնար լուռ մնալ, երբ մեր աֆրոամերիկեան համայնքի ընկերները շարունակաբար կ՛ենթարկուին, ոտնձգումներու, հետապնդումներու եւ ռասիստական ճնշումներու, որոնք տարածուած են ամերիկեան իրաւապահ համակարգէն ներս:

«Կայծ» երիտասարդական Միութիւնը կը պահանջէ, որ Մինըսոթա նահանգի համապատասխան մարմինները եւ պետական պաշտօնեաները մանրակրկիտ հետաքննեն Մինեափոլիսի չորս ոստիկաններու ձեռքի տակ Ճորճ Ֆլոյտի անարդար եւ ողբերգական մահը:

Մենք կ՛ողջունենք ոստիկան Տերիք Շոուինի արագ ձերբակալութիւնը եւ կոչ կ՛ընենք անյապաղ հետաքննութիւն եւ դատաքննութիւն նախաձեռնել այդ օրը ներկայ միւս երեք ոստիկաններու նկատմամբ:

Մենք կոչ կ՛ընենք երկրի բոլոր իրաւապահ մարմիններուն եւ պետական պաշտօնեաներուն իրականացնելու ուժեղ քաղաքականութիւն եւ բարեփոխումներ՝ կանխելու համար հետագայ ցանկացած վայրագութիւններ եւ ցանկացած յանցագործութիւն ոստիկաններու կողմէ մեր համաքաղաքացիներու նկատմամբ:

Մեր մտքերն ու համակրանքը զոհուածներու ընտանիքներուն հետ են, եւ մենք կը յայտնենք մեր համերաշխութիւնը այս երկրի միւս հատուածներուն ու կը սգանք այս նեղ օրերը մեր ամերիկացի համաքաղաքացիներուն հետ:
«Կայծ» Երիտասարդական Միութեան Վարչութիւն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment