Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Եւրոպական Դատարանը Կարծիք Յայտնած է Ռոպերթ Քոչարեանը Մեղսագրող Յօդուածին Մասին

Եւրոպական Դատարանը Կարծիք Յայտնած է Ռոպերթ Քոչարեանը Մեղսագրող Յօդուածին Մասին

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ներկայացուցած  է   գրաւոր  խորհրդատուական կարծիք՝  ՀՀ  Քրէական օրէնսգրքի 300.1 յօդուածի վերաբերեալ,  Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի դիմումի հիման վրայ։

Եւրոպական դատարանը չէ պատասխանած   Սահմանադրական դատարանի չորս հարցերէն երկուքին։ Մասնաւորապէս,  դատաւորները չեն կրցած  գտնել որեւէ ուղղակի կապ հարցերուն եւ ընթացիկ վարոյթներուն միջեւ, որոնք յարուցուած են նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին դէմ, 2008-ին  սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքով:

Սահմանադրական Դատարանը նաեւ հարցուցած էր, արդեօ՞ք դրոյթը, որմով կը սահմանուի յանցանքը եւ կը յղուի  աւելի բարձր իրաւական ուժ ունեցող եւ աւելի բարձր մակարդակի վերացականութիւն ունեցող իրաւական գործին, կը բաւարարէ՞ Կոնվենցիայի (համաձայնագրութեան) որոշակիութեան, մատչելիութեան, կանխատեսելիութեան եւ կայունութեան պահանջները։

Ըստ որոշումին՝ այդպիսի դրոյթ, որ կ’օգտագործէ «այլ օրէնքի յղման» գործադրութիւնը, արարքը կամ անփութութիւնը քրէականացնելու ժամանակ, պէտք է հնարաւորութիւն տալ անձերուն կանխատեսել, թէ որ արարքը կրնայ իրենց քրէօրէն պատասխանատու դարձնել։

Դիտարկելով  չորրորդ հարցը, որ  կը վերաբերէր քրէական օրէնքի յետադարձ կիրառման արգելքի սկզբունքին, Եւրոպական դատարանը համարած է, որ  գնահատականները պէտք է տրուին, հաշուի առնելով գործի առանձնայատուկ հանգամանքները , ոչ թէ վերացական։

Ըստ էութեան՝ որոշում առնելը թողած է հայաստանեան դատարաններուն։

Յիշեցնենք, որ  Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը   ՄԻԵԴ-ին  ուղղած էր չորս հարց՝  խնդրելով զանոնք քննարկել  Եւրոպական համաձայնագրի 7-րդ յօդուածի (Պատիժ` բացառապէս օրէնքի հիման վրայ) ծիրէն ներս. քանի որ   Քրէական օրէնսգրքի   300.1 յօդուածը ամրագրուած է 2009-ին, իսկ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է 2008-ի իրադարձութիւններու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment