Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «ԱՄՆ-ի Կողմէ Ֆինանսաւորուող Կայքը Հայաստանի Մէջ Ապատեղեկատուութիւն կը Տարածէ COVID-19-Ի Մասին». OpenDemocracy

«ԱՄՆ-ի Կողմէ Ֆինանսաւորուող Կայքը Հայաստանի Մէջ Ապատեղեկատուութիւն կը Տարածէ COVID-19-Ի Մասին». OpenDemocracy

by MassisPost

«Միացեալ Նահանգներու կողմէ ֆինանսաւորուող կայքը Հայաստանի մէջ ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ COVID-19-ի մասին», – բրիտանական openDemocracy-ն այսպէս վերնագրած է այսօրուայ հրապարակած հետաքննական յօդուածը։

Խօսքը, ըստ այս աղբիւրին, Medmedia.am կայքի մասին է, որ գործարկուած է թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ «Երիտասարդ բժիշկներու հայկական միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ, որու ղեկավարն է միզաբան Գէորգ Գրիգորեան։

Medmedia-ն, ըստ հրապարակութեան, հակասական առողջապահական կայք մըն է, որ կը տարածէ «աներեւակայելի վտանգաւոր» ապատեղեկատուութիւն «Քորոնա» ժահրի մասին։ Կայքը ստեղծուած է Ժողովրդավարութեան յանձնաժողովի փոքր դրամաշնորհներու ծրագիրով տրամադրուած գումարով, որ շնորհուած է անցեալ տարի Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէն: Ժողովրդավարութեան խթանման ուղղուած այս գումարը տարեկան մինչեւ 50 հազար տոլար է։

«Ամենատարածուած նիւթը սխալ տեղեկատուութիւն մը կը ներկայացնէր, որ դիահերձարաններէն մէկը առաջարկած է 100 հազար դրամ (205 տոլար) մահացած հիւանդի հարազատներուն, իրենց ստորագրութեան դիմաց փաստաթուղթի մը, ուր ըսուած է, որ մահի պատճառը COVID-19-ն է: Վերջերս հրապարակուած այլ յօդուածներով COVID-19-ը ներկայացուած է որպէս «կեղծ համավարակ», – նշուած է յօդուածին մէջ:

Կայքին մէջ կայ նաեւ հակապատուաստի արշաւ. կան պնդումներ, որ այժմ մշակման փուլը գտնուող պատուաստները իրականութեան մէջ կենսաբանական զէնք են։

«Երբ որ լրատուամիջոցը տարածում էր, որ մարդկանց սկսելու են  չիփեր   տեղադրել  կամ մարդկանց հարազատներից փորձում են գումար վերցնել, որպէսզի մահը «Քորոնա» ժահրի անուան տակ գրանցեն, սկզբում ես մտածում էի, որ մարդիկ դրան լուրջ չեն վերաբերուում, բայց նմանատիպ լուրերի պատճառով, մարդիկ սկսել են հաւատալ այդ լուրերին: Դա լուրջ խանգարում է համակարգի աշխատանքին, քանի որ մարդիկ սկսել են չհաւատալ ժահրի գոյութեանը, եւ իրենց վարքագծում թոյլ են տալիս քայլեր, որը մեծ հաշուով կարող է նաեւ տարածման պատճառներից մէկը լինել»,- ըսաւ առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան:

Ապատեղեկատուութեան հարցերու փորձագէտ Քլեր Ուորտլը openDemocracy-ի հրապարակութեան մէջ ընդգծած է. «Ոչ մէկ արդարացում կայ մասնագիտական «լրատուական կայքի» համար, որ ան նման տեսակի տեսութիւններ առաջ մղէ […] Աւելի հաւանական է, որ մարդիկ հաւատան անոր եւ ապա կիսուին ուրիշներու հետ, քանի որ անոնք կը հաւատային, որ այն ստուգուած է «պաշտօնական աղբիւրի» կողմէն»:

Հայաստանի Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը openDemocracy-ին ըսած է, որ գրեթէ 10 հազար եւրօ մէկ այլ Հասարակական Կազմակերպութեան կողմէ «ենթաշնորհուած» է երիտասարդ բժիշկներու հայկական միութեան:

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը «Ազատութեան» փոխանցեց, որ  միութեան տրամադրած դրամաշնորհը նախատեսուած էր նախագիծի մը համար, որ կը բարձրացնէ թափանցիկութիւնը, հաշուետուութիւնը եւ կը նուազեցնէ քոռուփցիայի ռիսկերը վտանգները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment