Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նախագահական ընտրութիւններուն իր գլխաւոր մրցակիցը՝ Մասիս Մայիլեանը վերստին նշանակած է արտաքին գործոց նախարար: Այդ մասին Յարութիւնեան յայտնեց Մայիս 29-ի ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակման ժամանակ:
Արցախի նախագահը տեղեկացուց նաեւ, որ նախօրէին Երեւանի մէջ Սամուէլ Պապայեանի հետ հանդիպման ի արդիւնք, վերջնական որոշում առնուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարը ԼՂ Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար նշանակելու մասին:
Արայիկ Յարութիւնեան այլ նշանակումներ եւս կատարած է, անոնց կարգին՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն նշանակած է Կամօ Աղաճանեանը:
Արայիկ Յարութիւնեան, իր գլխաւորած քաղաքական ուժի անունով, եւ «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ՝ Սամուէլ Պապայեանը Մայիս 25-ին համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են: