Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Ստեղծուի Փաստահաւաք Յանձնաժողով Ուսումնասիրելու Համար 1991-էն Մինչեւ Յեղափոխութիւնը Տեղի Ունեցած Իրաւախախտումները

Կը Ստեղծուի Փաստահաւաք Յանձնաժողով Ուսումնասիրելու Համար 1991-էն Մինչեւ Յեղափոխութիւնը Տեղի Ունեցած Իրաւախախտումները

by MassisPost

2021 թուականի Յունուար 1-ին, ստեղծուող անկախ Փաստահաւաք յանձնաժողովը պիտի կազմուի 9 անդամներէ, որոնց պիտի նշանակէ Ազգային ժողովը:

Յանձնաժողովի անդամներէն 3-ը, Ազգային ժողովին մէջ պիտի առաջարկեն կառավարութիւնը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդը եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։ Մնացած 6 անդամները պիտի առաջադրեն Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները. իւրաքանչիւր խմբակցութիւն՝ 2-ական թեկնածու:

Խմբակցութեան առաջադրած թեկնածուներէն մէկը պէտք է ըլլայ այն հասարակական կազմակերպութիւններու առաջադրած թեկնածուներու ցանկէն, որոնց կանոնադրական նպատակներէն է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Յանձնաժողովի իրաւասութեան ոլորտներուն մէջ գործունէութիւնը։ Խմբակցութեան առաջադրած թեկնածուներէն մէկը պէտք է ըլլայ արական, միւսը՝ իգական սեռի: Յանձնաժողովի անդամները կը նշանակէ Ազգային ժողովը, յանձնաժողովի գործունէութեան ժամկէտով: Յանձնաժողովը իր կազմէն կ’ընտրէ իր նախագահը:

Արդարադատութեան նախարարութեան հրապարակած Փաստահաւաք յանձնաժողով ստեղծելու մասին օրէնքի նախագիծէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ այս յանձնաժողովը պիտի ըլլայ անկախ մարմին, եւ ֆինանսաւորուի պիւտճէէն առանձին տողով:

Յանձնաժողովը պիտի գործէ մինչեւ իր եզրափակիչ զեկոյցի հրապարակումը, որու համար սահմանուած է երկու տարի ժամկէտ: Յանձնաժողովը իր աշխատանքները պիտի կատարէ նիստերու միջոցով: Եզրափակիչ զեկոյցը, պիտի պարունակէ խախտումներուն նկարագրութիւնը եւ Յանձնաժողովի եզրակացութիւնները ու առաջարկութիւնները, իսկ ընթացիկ աշխատանքներու ամփոփումը եւ հրապարակումը կը նախատեսուի միջանկեալ զեկոյցներով ներկայացնելու կարգը:

Կը նախատեսուի փաստեր հաւաքել, քարտէզագրել, ուսումնասիրել 1991-ի սեպտեմբերէն մինչեւ 2018-ի Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պարբերաբար տեղի ունեցած մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումները:

Խօսքը կը վերաբերի համապետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու եւ հանրաքուէներու ժամանակ գրանցուած խախտումներուն, յետընտրական գործընթացներուն տեղի ունեցած քաղաքական հետապնդումներուն, հանրութեան գերակայ շահերու ապահովման նպատակով սեփականութեան օտարումներուն, անձերու սեփականութեան իրաւունքէն զրկելու այլ դրսեւորումներուն եւ ոչ մարտական պայմաններու մէջ զինծառայողներու մահուան դէպքերուն:

Միեւնոյն ժամանակ այս յանձնաժողովը պիտի չըլլայ արդարադատութեան մարմին, քրէական պատասխանատուութիւն պիտի չսահմանէ, պատժամիջոցներ պիտի չկիրառէ: Եթէ ձեռք բերեն հետաքննութեան համար օգտակար ապացոյցներ, ապա անոնք կ’աջակցին դատարաններու աշխատանքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment