Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Նշենք Սարդարապատի Հերոսամարտի Տարեդարձը

Կը Նշենք Սարդարապատի Հերոսամարտի Տարեդարձը

by MassisPost

Հայ ժողովուրդի համար Մայիս ամիսը յիրաւի կը հանդիսանայ յաղթանակներու ամիս: Ինչպէս ամէն տարի, 2020-ի Մայիսը սկսանք Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի աւարտի եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձները նշելով: Ամիսը կը փակենք տօնելով՝ 1918 թուականի Մայիսի 21-28-ին, Արարատեան դաշտի վրայ մղուած Սարդարապատի հերոսամարտերու ընթացքին թրքական զօրքերուն դէմ մեր ժողովուրդի տարած վճռորոշ յաղթանակը, որուն շնորհիւ, 600 տարիներու ընդմիջումէն ետք վերականգնեցաւ Հայոց պետականութիւնը ու հռչակուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը:

Սարդարապատի փառահեղ յաղթանակը կերտուեցաւ շնորհիւ մեր ժողովուրդի բացառիկ միասնականութեան, յամառ կամքին եւ անկոտրում ոգիին: Յաղթանակի բանալին կը կայանար Հայ զինուորի, Հայ գիւղացիի, Հայ կղերականի ընդգրկումովը զինուորական գործողութիւններուն մէջ, կասեցնելով օսմանեան կանոնաւոր բանակի լաւապէս զինուած ուժերու յառաջխաղացքը դէպի Երեւան, հոն իր աւարտին հասցնելու նպատակով՝ ցեղասպանութեամբ սկսած անոնց հայաջինջ ծրագիրները:

Հայութիւնը սակայն պատրաստ չէր այդ մարտահրաւէրի առջեւ ընկրկելու եւ կամ անձնատուր ըլլալու: Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ մղուող մարտերու ընթացքին փայլեցաւ ոչ միայն հայ կամաւորներու դիմադրողականութիւնը ու անձնազոհութիւնը, այլ եւ հայ հրամանատարներու ռազմավարական միտքը, որոնց շնորհիւ կարելի դարձաւ նախ կասեցնել թշնամիի յառաջխաղացքը, ապա ճեղքել անոնց գիծերը ու ցիրուցան ընել զինուորները՝ ստիպելով զանոնք փախուստի դիմելու, թրքական բանակը մատնելով անփառունակ պարտութեան:

Սարդարապատի հերոսամարտի կերտման մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ Պանդուխտի (Միքայէլ Սերեան) գլխաւորած Հնչակեաններու խումբը, որուն մասնակցութիւնը վճռական գործողութիւններուն արժանի ուշադրութեան չէ արժանացած, յատկապէս Հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ:

Կարեւոր բաց մը ամբողջացնելու գործին մէջ իր մեծ ներդրումը ունեցաւ Տօքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի՝ Պանդուխտի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած գիրքը, որ լոյս տեսաւ 2018 թուականինª Սարտարապատի հերոսամարտի 100-ամեակին առթիւ:

Պանդուխտ (նստած կեդրոնը) իր զինակից ընկերներով

Պանդուխտ (նստած կեդրոնը) իր զինակից ընկերներով

Այս առթիւ կ՛արժէ մէջբերել բազմաթիւ վկայութիւններէն մի քանին, որոնք ամփոփուած են Տօքթ. Ճէրէճեանի աշխատասիրութեան մէջ:

Հայկական Բանակի պաշտօնաթերթ «Ռազմիկի» մէջ Սարդարապատի Ճակատամարտի մասնակիցներէն Վարազդատ Թռչունեան գրած է.«Մեր թնդանօթները մեր շղթայի հետեւից ռմբակոծում էին թուրքերին, Պանդուխտը իր 200 հոգի մշեցի ձիաւորներով աջից հարուածում էր օսմանցիներին, խլել էր նրանցից մի թնդանօթ եւ գերի վերցրել 4 օսմանցի սպայ: Սարդարապատի մօտ գլխաւոր շղթան առանց մի գնդակ արձակելու եւ առանց մի զոհ տալու մօտեցաւ բլուրին, թուրքերը սարսափած, փախան, թողնելով դիակներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ…:

Սարդարապատի Զօրաջոկատի սպայակոյտի պետ ռուսական բանակի սպայ, Ֆրանսական ծագումով Ալեքսանդր Շենուէր իր ռուսերէն լեզուով զեկուցագրին մէջ, Մայիս 27-ի մարտական գործողութիւններու մասին պատմած է. «Մեր հեծելազօրը կը հետապնդէ անոնց: Ձախ զօրասիւնը հետապնդելով թուրքերուն, երկաթուղագիծի երկայնքով կը գրաւէ Արաքս կայարանը եւ Մաստարա կիսակայարանը: Աջ զօրասիւնը, որուն մէջ մտած էր Երզնկայի գունդը, երեկոյեան կը մօտենայ Մաստարա գիւղին: Պանդուխտի հեծեալները կը շարունակեն հետապնդել թշնամին Կրիզուլի եւ Գիւզլուի ուղղութեամբ եւ Մայիս 28-ին կը հասնին Սոգիւթլու: Այստեղ Պանդուխտի ջանքերով կը կազմակերպուի 1000 հոգինոց փարթիզանական ջոկատ: Թուրքերը կ՛իյնան խուճապի մէջ: Անոնց գումարտակները կ՛անցնին Արփաչայի արեւմտեան ափը: Թրքական ջոկատներուն միջեւ կապը կը կտրուի եւ անոնք կը զրկուին ուտելիքէն եւ ջուրէն: Մայիս 28-ին Սարդարապատի ջոկատի զօրամասերը կը գրաւեն Կարա-Պուրունը, Ներքին եւ Վերին Թալինը»:

Վերջին մէջբերում մը եւս, Դաշնակցական յայտնի գործիչ Վարանդ Փափազեանէն, որ Կուսակցութեան Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթի 1988-ի, Մայիս 28-ի բացառիկ թիւին մէջ կը գրէ. «Իսկ եթէ ճիշդ է որ, Սարդարապատի (եւ Հայ ժողովուրդի) ճակատագիրը ճշդեց հնչակեան Պանդուխտը, այդ պարագային պէտք է հիմնաւորել այս արտայայտութիւնը, որպէսզի հայ ժողովուրդը, իր բոլո՛ր զաւակներով, կանգնեցնէ անոր արձանը եւ խոնարհի անոր առջեւ»:

Պանդուխտ եւ իր ընկերները 1915 թուականին ձգելով Ամերիկայի ապահով պայմանները վերադարձան Երկիր, ուր տարբեր շրջաններէ հաւաքուած Հնչակեան կամաւորներով կազմեցին 6-րդ գունդը, մասնակցեցան ինքնապաշտպանական մարտնչումներուն: Հետագային անոնք Սարդարապատի հերոսամարտի յաղթանակի իրագործման մէջ ունենան կարեւոր ներդրում, որուն համար արժանի են համազգային յարգանքի:

Այս օրերուն դարձեալ կը խոնարհինք յիշատակին առջեւª Սարդարապատի յաղթանակը կերտող մեր ժողովուրդի բոլոր հերոսներուն, որոնց սխրագործութիւններուն կը պարտինք Հայաստանի ներկայ անկախ Հանրապետութեան գոյութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment