Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ-ը Հաւատարիմ կը Մնայ Ղարաբաղեան Խաղաղ Կարգաւորումին. Փոմփէօ

ԱՄՆ-ը Հաւատարիմ կը Մնայ Ղարաբաղեան Խաղաղ Կարգաւորումին. Փոմփէօ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները, որպէս ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցության Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումին: Այս մասին յայտարարած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Մայք Փոմփէօն Ատրպէյճանի մէջ եւս Մայիս 28-ին նշուող Հանրապետութեան օրուայ առթիւ իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․ – «Թէեւ COVID-19-ը աշխարհին բերած է լրջագոյն մարտահրաւէրներ, ես վստահ եմ, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը զայն կը յաղթահարէ արժանապատուութեամբ եւ վճռականօրէն: Միացեալ Նահանգները կ’աջակցի ձեզի եւ կը սատարէ Ատրպէյճանի իշխանութեան ու անկախութեան»:

Ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ աւելցուցած է, որ «Միացեալ Նահանգներն ու Ատրպէյճանը ուս ուսի տուած կ’աշխատին խաղաղութիւն հաստատելու Աֆղանիստանի մէջ եւ համատեղ ջանքերով ամրապնդելու Եւրոպայի ուժեղ անվտանգութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment