Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 442-ով, Գրանցուած է Մահուան 15 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 442-ով, Գրանցուած է Մահուան 15 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 442-ով՝ հասնելով 8216-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 15 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Կեդրոնի կայքի Մայիս 28-ի ժամը 11-ին հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 32-ով եւ հասած 3287-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 54931:

Մահացածներէն ամենատարեցը, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, 92 տարեկան էր, իսկ երիտասարդը՝ 43 տարեկան։

Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 113-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 44 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնից տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 4772 մարդ:

Այս պահուն ունինք «Քորոնա» ժահրով վարակուած 316 ծանր, 53 ծայրայեղ ծանր հիւանդներ, 17 հիւանդ միացուած է արհեստական շնչառութեան սարքերուն, յայտարարած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: Ան ըսած է, որ քայլեր կը ձեռնարկուին հիւանդանոցային տեղերը աւելցնելու համար:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնած է, որ ծայրագոյն խնամքի կարողութիւնները կ’աւելցուին։ Թորոսեան նշած է, որ մօտակայ 1-1․5 ամիսներուն կ’ունենանք ծայրագոյն խնամքի եւս 100 մահճակալ, որմէ 50-ը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնի եւ 50-ը՝ Էրեբունի Բժշկական Կեդրոնի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment