Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատաւոր Տանիբէկեան Եզրայանգած է, Որ Քոչարեանի՝ Գործի Քննութիւնը Խոչընդոտելու Վտանգը Չէ Վերացած

Դատաւոր Տանիբէկեան Եզրայանգած է, Որ Քոչարեանի՝ Գործի Քննութիւնը Խոչընդոտելու Վտանգը Չէ Վերացած

by MassisPost

Մարտ 1-ի գործով գլխաւոր ամբաստանեալ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գործը քննող դատաւոր Աննա Տանիբէկեան, Մայիս 13-ին մերժելով զինք ազատ արձակել կալանքէն, Հայաստանի եւ Արցախի նախկին վարչապետներու անձնական երաշխաւորութեան, ինչպէս նաեւ գրաւի դիմաց, եզրայանգած է, որ գործի քննութիւնը խոչընդոտելու վտանգը չէ վերացած եւ դատավարութեան այս փուլին այն դեռ կը պահպանուի։ Այս, դատաւորին թոյլ տուած է պնդելու, որ պաշտօնաթող նախագահին կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը չէ վերացած, եւ որ անոր, ազատութեան մէջ գտնուելու պայմաններուն տակ, հնարաւոր չ’ըլլար ապահովել Քոչարեանի պատշաճ վարքագիծը։

Այս հետեւութեան յանգելու ժամանակ, դատաւորը հաշուի առած է Քոչարեանին առաջադրուած մեղադրանքի ծանրութիւնը, նաեւ այն, որ Հայաստանը 10 տարի ղեկավարած Քոչարեանը երկար տարիներու ընթացքին, բարձր պաշտօններ գրաւած է եւ ունի կապեր ու ազդեցութիւն։ Այս հանգամանքն ալ կը բարձրացնէ դատավարութեան մասնակցող անձերուն վրայ հնարաւոր ներգործութեան եւ գործի քննութեան միջամտութեան վտանգը:

Աննա Տանիպեկեան իր այս որոշումին համար հիմք կ’ընդունի այն, որ գործի քննութիւնը դեռեւս չէ անցած դատաքննութեան փուլ, եւ այս պահուն հետազօտուած չէ գործով ձեռք բերուած որեւէ ապացոյց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment