Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-ի Միջոցաւ Սննդամթերքի Բաշխում Փասատինայի Մէջ

ՀԿԲՄ-ի Միջոցաւ Սննդամթերքի Բաշխում Փասատինայի Մէջ

by MassisPost

«Գորոնա» Ժահրի պատճառած բազմապիսի դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծուեցան մարդասիրական տարբեր մակարդակներու օժանդակութիւն հասցնելու կեդրոններ:

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) Փասատինայի կեդրոնի գովելի նախաձեռնութիւններէն մին եղաւ սննդամթերքի հայթայթումով օգնել համաճարակէն տուժած անհատներուն եւ ընտանիքներուն:

Այս կապակցութեամբ կազմակերպուած էր խառն յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմէին ներկայացուցիչներ՝ շրջանի ՀՄՄ-ի եւ ՍԴՀԿ «Փարամազ» մասնաճիւղի վարչութիւններէն եւ այլ անհատ կամաւորներէ: Անոնք լաւապէս պատրաստած էին սննդամթերքի բաշխման գործընթացը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 23-ի առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեա՝ ՀԿԲՄ-ի կեդրոնին առջեւ:

IMG_0130

Նախատեսուած ժամերուն հարիւրաւոր կարիքաւորներ փութացած էին սննդամթերքի բաշխման կեդրոնը: Անոնք ստացան յատկապէս պատրաստուած ծրարներ, որոնք կը պարունակէին դաշտային թարմ բանջարեղէն, պահածոներ, պտուղ եւ հաց: Երթեւեկի դժուարութիւն ունեցողներուն համար, յատուկ կամաւորներու միջոցաւ, սննդամթերքի առաքումը փոխանցուեցաւ ենթականերուն բնակարանները:

Այս առթիւ կ՛արժէ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնել սոյն նախաձեռնութեան մատակարարումը նիւթապէս հովանաւորող` միջին արեւելքէն տարիներ առաջ այստեղ հաստատուած այն ազնիւ հայ ընտանիքի անդամներուն, որոնք խնդրեցին չհրատարակել իրենց անունը:

Արդարեւ, մարդասիրական գովելի նախաձեռնութիւն մըն էր այս, որմէ օգտուեցան դժուարութիւններու առջեւ յայտնուած՝ հայեր ու տեղացիներ հաւասարապէս:

IMG_0125

IMG_0126

IMG_0148

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment