Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան․«Քորոնա» Ժահրի Համավարակի Իրավիճակը Շատ Աւելի Լուրջ է Քան Մենք Կարող Ենք Պատկերացնել

Նիկոլ Փաշինեան․«Քորոնա» Ժահրի Համավարակի Իրավիճակը Շատ Աւելի Լուրջ է Քան Մենք Կարող Ենք Պատկերացնել

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրի համավարակի հետ կապուած մեր գործերը լաւ չեն», – Կառավարութեան Մայիս 21-ի նիստի սկիզբը յայտարարեց վարչապետ Փաշինեան։

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 335-ով՝ անցնելով 5600-ը։ Գրանցուած է հիւանդութենէ մահուան եւս երեք դէպք՝ 64, 65 եւ 90 տարեկան տղամարդիկ, որոնք ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, ունեցած են ուղեկցող հիւանդութիւններ։ Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 70-ի։ Նախորդ օրուայ ընթացքին բուժուածները 162 են, իսկ բուժուողները այս պահուն 2928-ը։

«Իրավիճակը շատ աւելի լուրջ է, քան մենք կարող ենք պատկերացնել, կամ աւելի ճիշդ, պատկերացնում ենք։ Եւ մեզ պէտք է խստագոյն միջոցներ ձեռնակել համավարակը հսկողութեան տակ առնելու համար, որպէսզի ստիպուած չլինենք նորից գնալ ամենածայրայեղ սահմանափակման միջոցառումների», – նշած է Նիկոլ Փաշինեան։

Ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելէն բացի, Կառավարութեան այսօրուայ նիստը առաջինն էր, ուր Փաշինեանի ղեկավարած կառավարութեան բոլոր անդամները, նոյնիսկ խօսելու ատեն դիմակ կը կրէին։

Վարչապետը շարունակեց․ – «Մենք պէտք է կարողանանք իրականացնել քարանթին առանց  մեկուսանալու»։

Վարչապետի խօսքով, այս փուլին մէջ այս է որդեգրուած մարտավարութիւնը։ Փաշինեան կարեւորեց իւրաքանչիւրի անհատական պատասխանատուութիւնը նոր ցնցումներու առջեւ չկանգնելու համար, Ոստիկանութեան ու տեսչական մարմիններու հսկողութեան աւելի խիստ անհրաժեշտութիւն տեսաւ․ – «Մեր կառավարութեան գաղափարախօսութիւնն է, որ մենք այս հարցերը պէտք է լուծենք անհատական պատասխանատուութեան, այդ թուում՝ մեզնից իւրաքանչիւրի անհատական պատասխանատուութեան, իւրաքանչիւր քաղաքացու անհատական պատասխանատուութեան, իւրաքանչիւր պաշտօնեայի անհատական պատասխանատուութեան շրջանակում։ Եւ ես խնդրում եմ, որ մենք բոլորս գերագոյն լրջութեամբ վերաբերուենք, հակառակ դէպքում մենք նոր ցնցումների առաջ կը կանգնենք»։

Կառավարութեան նիստէն յետոյ, Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան աւելի մանրամասն թիւեր ներկայացուց ծանր ու ծայրայեղ ծանր վարակակիրներու մասին, որոնց թիւը աճման մէջ է․ – «Ծանր վիճակում գտնուող քաղաքացիների թիւը 135 է, ծայրայեղ ծանր վիճակում գտնուող քաղաքացիների թիւը 63 է, թոքերի արհեստական օդափոխութեան սարքերին միացուած քաղաքացների թիւը 15 է։ Այսինքն՝ սովորական դէպքերի թուի աճին զուգընթաց, որոնց մեծ մասը շարունակում են մնալ առանց ախտանշաններու կամ թեթեւ դէպքերը, աճում է նաեւ ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիճակում գտնուող քաղաքացիների թիւը, ինչպէս նաեւ թոքերի օդափոխութեան սարքերին միացուած քաղաքացիների թիւը։ Եւ սա այն հանգամանքն է, որից մենք միշտ փորձել ենք խուսափել կամ հեռացնել այդ օրը, որովհետեւ ինքնին թուերը քաղաքացիների դրական, այդքան վտանգաւոր չեն, եթէ մենք չունենայինք ծայրայեղ ծանր եւ ծանր վիճակում քաղաքացիներ»։

Թեթեւ ախտանշաններ ունեցող «Քորոնա» ժահրով վարակուածները վաղուընէ սկսեալ մեկուսացման վայրերէն պիտի ուղարկուին տուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment