Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՏՄ Անդամ Երկիրներու Միջեւ Տարաձայնութիւններ Կան

ԵԱՏՄ Անդամ Երկիրներու Միջեւ Տարաձայնութիւններ Կան

by MassisPost

Տարաձայնութիւնները նախ եւ առաջ կապուած են կազի գինին հետ: «Փութինը յետ մղեց Պելառուսիոյ եւ Հայաստանի կազային գրոհը», – գրած է ռուսական «Մոսքովսքի քոմսոմոլեց» թերթը:

Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ ղեկավարները միաւորած էին իրենց ջանքերը, որպէսզի Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ), մինչեւ 2025 թուականը, զարգացման ռազմավարութեան ծրագիրին մէջ «ոչ խտրական» մօտեցում արձանագրուի եւ կազի փոխադրման եւ տարանցման միասնական սակագին սահմանուի, անկախ ծագումի երկրէն: Բայց Մայիս 19-ին կայացած ԵԱՏՄ հեռավար գագաթնաժողովին, Վլատիմիր Փութինը մերժած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի առաջարկը: Ան ըսած է, թէ այդ կէտը կրնայ հանուիլ ռազմավարութեան ծրագիրէն, որպէսզի չխոչընդոտէ փաստաթուղթի ընդունումը: Ռուսաստանի նախագահը ըսած է, որ կազի միասնական սակագին կարելի է մտցնել, եթէ հասնին միաձուլման որոշակի մակարդակի՝ միասնական շուկայ, միասնական պիւտճէ, միասնական հարկային համակարգ: Այսինքն՝ սկիզբը՝ խոր միաձուլում, յետոյ՝ կազի գին:

Փութինի խօսքով՝ գնագոյացման հարցով Ղազախիստանն ու Խըրխըզիստանը կը պաշտպանեն ներկայ պայմանները: Սակայն այդ այդքան ալ ճիշդ չէ: Խըրխըզիստանի նախագահ Սոորոնպա Ժէենպեքով իր ելոյթով ըսած է, թէ անհրաժեշտ է ոչ խտրական մօտեցումներ ցուցաբերել կազի տարանցման սակագինի հարցով: Իսկ հեռավար գագաթնաժողովի նախօրէին Խըրխըզիստանը դիմած էր Մոսկուային, խնդրելով աժանցնել մատակարարուող կազը, որու գինը հիմա հազար խորանարդ մեթրի համար 150 տոլար է: Պելառուսը կը վճարէ 127 տոլար, ամենաթանկը կը վճարէ Հայաստանը՝ 165 տոլար, բայց այս, միայն սահմանին, «Կազփրոմ Արմենիա»-ն Հայաստանի բաժանորդներուն կազը կը վաճառէ գրեթէ կրկնակի թանկ: Պայմանագիրները «Կազփրոմ»-ի հետ կնքած են նախկին իշխանութիւնները ու կը հպարտանային, թէ կայուն կազամատակարարում ապահոված են:

ԵԱՏՄ գագաթնաժողովը ծրագրուած էր տեղի ունենալ Մինսք, «Մոսքովսքի քոմսոմոլեց»-ը կը գրէ, որ Լուքաշենքօն կը ցանկար բնականոն գագաթնաժողով կայացնել, բոլորը հրաւիրած էր Պելառուս, պիտի նստէին եւ խօսէին, բայց «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով անոր ծրագիրները խառնուեցան: Ըստ թերթին՝ Հայաստանի եւ Ղազախիստանի ղեկավարները դէմ չէին Պելառուսիոյ հաւաքին, բայց Ռուսաստանի նախագահը «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով, երկար ժամանակ է որ դուրս չելլէր Մոսկուայի մօտ գտնուող Նովո-Օկարյովոյի նստավայրէն: Արգելափակման ամբողջ ընթացքին, Փութինը միայն Մայիս 9-ին կարճ ժամակով Մոսկուա գացած է Յաղթանակի տօնը նշելու համար: Ռուսաստանի ղեկավարը բոլոր հանդիպումները, խորհրդակցութիւնները համացանցային կապով, առցանց կը կատարէ:

Կազի տարանցման միասնական սակագինէն բացի, ԵԱՏՄ երկիրներու ղեկավարներու հեռավար հանդիպումին, Ղազախիստանի նախագահ՝ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքայեւ անհանգստութիւն յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը կը ցանկայ իր վրայ վերցնել ազգային մարմիններու լիազօրութիւններէն մաս մը, մասնաւորապէս՝ միջամտութիւնը անդամ երկիրներու առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան հարցերուն: Բացի այդ, եթէ ԵԱՏՄ անդամ որեւէ երկիր բանակցութիւններ կը վարէ որեւէ երրորդ պետութեան հետ, Եւրասիական յանձնաժողովը կը ցանկայ մասնակցիլ անոնց: «Ի՞նչ իրաւունքով», – դժգոհած է Թոքայեւ:

Խըրխըզիստանի նախագահը ըսած է, որ իր երկիրը անընդհատ առեւտրային պատերազմի մեջ է հարեւան Ղազախիստանի հետ, ու խնդիրները հիմա աւելի սրուած են համավարակի պատճառով: Ժէենպեքովը առաջարկած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին ԵԱՏՄ դատարան դիմելու լիազօրութիւն շնորհել, որպէսզի առեւտրային արգելքները չվերացնելու պարագային պատժամիջոցներ սահմանուին:

Ժէենպեքով ըսած է, թէ մինչեւ 2025 թուական, ԵԱՏՄ ռազմավարութեան զարգացման ծրագիրին մէջ գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան եւ մեքենաշինութեան ոլորտներուն մէջ համատեղ որոշակի ծրագիրներ չի տեսներ: «Մենք այդ մասին շատ կը խօսինք, բայց նկատելի արդիւնքներ չկան», – ընդգծած է Խըրխըզիստանի նախագահը:

ԵԱՏՄ ռազմավարութեան զարգացման ծրագիրի նախագիծին մէջ, աւելի քան 300 կէտով շարադրուած են անդամ հինգ երկիրներու միաձուլման  գործելակերպերը, կը նախատեսուի միջազգային 13 համաձայնագրի ստորագրութիւն, ԵԱՏՄ-ի աւելի քան վեց տասնեակ իրաւական-նորմատիւ գործերու, ինչպէս նաեւ միութեան պայմանագիրի 25 փոփոխութիւններու եւ լրացումներու ընդունում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment