Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակին մէջ Հարուածային Անօդաչու Թռչող Սարք Փորձարկած են

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակին մէջ Հարուածային Անօդաչու Թռչող Սարք Փորձարկած են

by MassisPost

«Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ, Մայիս 19-ին, բանակի փորձարկման եզրափակիչ փուլը յաջողութեամբ յաղթահարած է Արցախի հանրապետութեան եւ Պաշտպանութեան Բանակի համապատասխան մասնագէտներուն կողմէ նախագծուած ու արդիականացուած հարուածային անօդաչու թռչող սարքը:

Ինչպէս յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, անիկա կը գործէ տեղորոշման տարբեր արհեստագիտական միջոցներէն անկախ, ունի խուսավարման ու կրակային խոցման բարձր հնարաւորութիւններ,  արհեստագիտական բնութագրերով չի զիջիր առաջատար երկիրներու նմանատիպ սարքերուն եւ կը կառավարուի հեշտութեամբ:

Յառաջիկայ ամիսներուն հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը պիտի մտնեն պարբերական արտադրութեան փուլ եւ իրենց լիարժէք տեղը պիտի գրաւեն ԱՀ պաշտպանական համակարգին մէջ:

Փորձարկումներուն հետեւած են Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան, ՊԲ-ի հրամանատար  զօրավար Ճալալ Յարութիւնեանն ու բարձրաստիճան այլ զինուորականներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment