Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Մերժեց Կազի Փոխադրման Միասնական Սակագինի՝ Հայաստանի եւ Պելառուսի Առաջարկը

Փութին Մերժեց Կազի Փոխադրման Միասնական Սակագինի՝ Հայաստանի եւ Պելառուսի Առաջարկը

by MassisPost

Վլատիմիր Փութինը մերժած է կազի փոխադրման միասնական սակագին սահմանելու` Հայաստանի եւ Պելառուսի առաջարկը: «Միասնական սակագին հնարաւոր է կիրառել միայն միասնական շուկային մէջ», – ըսած է Ռուսաստանի նախագահը Եւրասիական տնտեսական միութեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստին:

Հանդիպման բացումը ընելով, Պելառուսի նախագահ՝ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն կրկին անդրադարձած է կազի գինին, ընդգծելով. – «Մենք չենք կրնար փոխադարձ ընդունելի որոշումի գալ արդէն քանի մը տարի է, մինչդեռ խնդիրի հրատապութիւնը անընդհատ կը մեծնայ»:

ԵԱՏՄ (Եւրասիական տնտեսական միութեան) տարածքին մէջ, ուժանիւթերու  միասնական շուկայի եւ գնագոյացման միասնական մօտեցման մասին խօսած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Փութինը, մինչդեռ, հակադարձած է առաջարկին, միասնական սակագինը հնարաւոր է միայն միասնական շուկայի պայմաններուն, միասնական պիւտճէով եւ հարկային միեւնոյն համակարգով: «Քանի դեռ չենք հասած միաձուլման այդ մակարդակին, կազի գինը պէտք է որոշուի շուկայական տնտեսութեան գործօններով` հաշուի առնելով մատակարարներու ծախսերը եւ ներդրումները, ինչպէս նաեւ շահոյթ ապահովելով ներդրուած դրամագլուխին համար», – ըսած է Ռուսաստանի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment