Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵԽԽՎ-ն Ողջունած է Սահմանադրական Դատարանի Հարցով Վենետիկի Յանձնաժողովի Կարծիքը Ստանալու ՀՀ Իշխանութիւններու Որոշումը

ԵԽԽՎ-ն Ողջունած է Սահմանադրական Դատարանի Հարցով Վենետիկի Յանձնաժողովի Կարծիքը Ստանալու ՀՀ Իշխանութիւններու Որոշումը

by MassisPost

Հայաստանի իշխանութիւնները որոշած են հայցել Եւրոպայի խորհուրդի իրաւական փորձագէտներուն, Վենետիկի յանձնաժողովի կարծիքը Սահմանադրութեան հնարաւոր փոփոխութիւններու մասին, որոնք կը վերաբերին Սահմանադրական դատարանին, եւ այդ շատ լաւ լուր է, յայտարարած է Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով (ԵԽԽՎ) Հայաստանի հարցով համազեկուցող Քիմմոն Քիլճունենը։

«Քորոնա» ժահրի պատճառով հանրաքուէի կասեցումը, կարծիք հայցելու կառավարութեան որոշումը եւ խնդիրը խորհրդարան վերադարձնելը շատ տեղին են, հաշուի առնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հիմա ժամանակ կ’ունենան խորհրդածելու Վենետիկ յանձնաժողովի կարծիքին շուրջ, նախքան հետագայ քայլերու դիմելն ու հանրութեան տեղեակ պահելը։ Եւ կը սպասեն այդ կարծիքը, տեսնելու, թէ ինչպէս այդ հաշուի պիտի առնեն», – ԵԽԽՎ հաղորդագրութեան համաձայն՝ ըսած է համազեկուցողը:

«Այս որոշումը Եւրոպայի խորհուրդի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ համագործակցութեան որակի եւ մակարդակի լաւ օրինակ է», – նաեւ ընդգծած է Քիլճունենը:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ օր ասուլիսի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ առնուազն մէկ տարի հանրաքուէ տեղի չկրնար ունենալ, միւս կողմէ ալ, սահմանադրական ճգնաժամի լուծման այդքան կարելի չէ սպասել: Ըստ վարչապետին՝ կառավարութիւնը այժմ կը քննարկէ ճգնաժամը որեւէ ձեւով խորհրդարանին մէջ լուծելու տարբերակը, եւ այդ նպատակով արդէն դիմած են Վենետիկի յանձնաժողով:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն  Հայաստանի մէջ նշանակուած էր Ապրիլ 5-ին: Հանրաքուէով պէտք է լուծուիլ Սահմանադրական դատարանի նախագահի եւ 6 անդամներու լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցը:

Քարոզարշաւը մեկնարկուեցաւ Փետրուար 17-ին եւ տեւեց մինչեւ Մարտ 12-ը, երբ վարչապետը «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ընդհատեց արձակուրդն ու քարոզարշաւը:

Հանրաքուէի պատրաստութիւնները դադրեցնելու որոշումը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կայացուց արտակարգ դրութիւն յայտարարուելէն յետոյ՝ Մարտ 17-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment