Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 5 Ժամ Տեւած Առցանց Ասուլիսի Ժամանակ Պատասխանեց Լրագրողներու Հարցումներուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 5 Ժամ Տեւած Առցանց Ասուլիսի Ժամանակ Պատասխանեց Լրագրողներու Հարցումներուն

by MassisPost

Առնուազն մէկ տարի, հանրաքուէ տեղի չի կրնար ունենալ, միւս կողմէ ալ սահմանադրական ճգնաժամի լուծումը այդքան կարելի չէ սպասել, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան, Մայիս 18-ին առցանց ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Նիկոլ Փաշինեան Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամը միջազգայնօրէն ճանաչուած խնդիր կը համարէ, ան կ’ընդգծէ, թէ ան  բարձիթող չի կրնար մնալ։

«Մենք մտածում էինք՝ էս տարի էս հանրաքուէն անենք, յետոյ խորհրդարանական ընտրութիւնների հետ՝ 2023 թուականին, կ’անենք էն միւսը, բայց հիմա էս համաճարակի բերած փոփոխութիւններով էդ ժամանակացոյցն էդքան էլ չի ստացուում: Հետեւաբար, մենք հիմա Վենետիկի յանձնաժողով ենք դիմել, եւ, այո, քննարկուում է առնուազն Սահմանադրական դատարանի հարցը որեւէ բանաձեւով մասնակի կամ ամբողջական խորհրդարանում լուծելու հարցը», – ըսաւ վարչապետը:

«Պէտք է կարողանանք այնպէս անել, որ դատական համակարգի ներսում տեղի ունենան փոփոխութիւններ»

Շուրջ 5 ժամ տեւած առցանց ասուլիսի ժամանակ, գործադիրի ղեկավարը նաեւ դատական համակարգի բարեփոխումներուն անդրադարձաւ, ըսելով, որ ընդհանուր առմամբ շատ կը խօսուի անոնց արագութեան մասին, եւ հարց տուաւ, թէ արդեօ՞ք արագ բարեփոխումը լա՞ւ բարեփոխում է։

Ըստ վարչապետին, կառավարութիւնը չի ցանկանար արագ, թէկուզ, բայց խամաճիկային դատական համակարգ ստեղծել։ Կը կարծէ, որ հիմա ալ համակարգին մէջ բազմաթիւ կարող մարդիկ կան։

«Մենք պէտք է կարողանանք էս գործընթացներով այնպէս անել, որ հենց դատական համակարգի ներսում տեղի ունենան փոփոխութիւններ, որ ի յայտ գան մարդիկ, որ էդ մարդիկ դառնան էն վեմը, որի վրայ անկախ դատական համակարգը կարող է կառուցուել: Էս ամէն ինչի պատճառը հետեւեալն է, ես ինձ երկար ժամանակ հարց եմ տալիս՝ լաւ, էս բոլոր դատաւորներին հանում ենք գործից, ո՞ւմ ենք բերում, ովքեր են էդ հրեղէն դատաւորների թեկնածուները, որ գալու են եւ փոխեն», – նշեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչո՞ւ չի յաջողիր առաջ տանիլ Մարտ 1-ի գործի քննութիւնը ։ 10-ը տարի կեղծուած, թաքցուած ապացոյցները հեշտ չէ երկու տարուայ ընթացքին բացայայտել, վարչապետը արձագանգեց հարցին։ Այնուամենայնիւ, Փաշինեանի կարծիքով, շատ մանրամասնութիւններ բացայայտուած են։ Ըսաւ թէ մեծ հաշուով պարզ է, թէ որոնք են եւ որ շրջանակը կազմակերպած են սպանութիւնները։

«Իսկական կրակողների պարկուճները չկան, եւ մենք հնարաւորութիւն չունենք էսօր էդ պարկուճներով նոյնականացնել եւ փորձել այդ զէնքերը գտնել: Հիմա այդ քննչական խմբի ղեկավարը գտնուում է հետախուզման մէջ, ինչի՞, թող գայ պատմի՝ ինչ է արել այն պարկուճները, գուցէ ինքը գիտի հենց սպանութեան հեղինակների անուն-ազգանունները, եւ քննութիւնը պէտք է շարունակուի: Մենք պէտք է ջանքեր գործադրենք այդ անձին՝ հետախուզուող, ձերբակալելու եւ Հայաստան վերադարձնելու ուղղութեամբ: Դա հեշտ չի, բայց մենք պէտք է գնանք այդ ճանապարհով», – ըսաւ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Հեռավար մամուլի ասուլիսի ընթացքին, չշրջանցուեցաւ Հայաստան ներմուծուող կազի գինի թեման: Փաշինեան յայտարարեց, որ այդ հարցի վերաբերեալ քաղաքական խորհրդակացութիւնները կը շարունակուին։ Հայաստան կ’ակնկալէ, որ կազի սակագինը չբարձրանայ։

«Պէտք է արձանագրենք, որ նաեւ ուժանիւթեր  շուկաների փլուզման պայմաններում եւ նաւթի գների անկման պայմաններում մենք կարող ենք ակնկալել Հայաստանի ռազմավարական գործընկեր Ռուսաստանից, որ հիմա կազի գնի բարձրացման մասին խօսելը լաւագոյն ժամանակաշրջանը չէ, մանաւանդ «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամը եւ նրա բերած  ընկերային խնդիրները հաշուի առնելով, մենք կը շարունակենք աշխատել մեր գործընկերների հետ», – ընդգծեց վարչապետը:

Կառավարութեան ղեկավարը, ի դէպ, Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի միակ խնդիրը կազի ընդհանուր շուկայի սկզբունքներուն համաձայնեցման հարցը կը համարէ։ Կազի սակագինի բարձրացումին համար «Կազփրոմ Արմենիա»-ն Ապրիլ 1-ին, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողով  դիմած է։

Ասուլիսի ընթացքին, Փաշինեանին լրագրողները բազմաթիւ հարցեր ուղղեցին նաեւ արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան, մասնաւորապէս, անցեալ ամսուայ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին պնդումներուն վերաբերեալ։

Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը յայտարարած էր, թէ կողմերը բանակցային սեղանին վրայ, հակամարտութեան լուծման փուլային տարբերակը կը քննարկեն։

Պաշտօնական Երեւանը հերքած էր Լաւրովի յայտարարութիւնը։ Վարչապետը եւս կրկնեց, որ յեղափոխութենէն յետոյ նոր փաստաթուղթ չէ ձեւաւորուած, իսկ հին փաստաթուղթի շուրջ Հայաստանը հրաժարած է բանակցելէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment