Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յակոբ Պատալեան «Չպէտք Է Անահանգիստ Ըլլալ Պաքուի Գործողութիւններէն»

Յակոբ Պատալեան «Չպէտք Է Անահանգիստ Ըլլալ Պաքուի Գործողութիւններէն»

by MassisPost

Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բերքաբեր գիւղը, որու ուղղութեամբ Մայիս 13-ին, ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ), ատրպէյճանական կողմը կրակ արձակած է, այս պահուն հանգիստ է, «Ազատութեան» հետ զրոյցին վստահեցուց համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար՝ Վահէ Ալիխանեան։

Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան` Մայիս 13-ին, ժամը 14-ին, Ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն գիւղի ուղղութեամբ կրակած են խոշոր տրամաչափի զէնքերէ, որու հետեւանքով վնասուած են տուներ:

«Գիւղի ուղղութեամբ կրակոցներ են հնչել, վնասուել են տանիքներ, մէկ լուսամուտ, տան ներսի սենեակային պատ: Խոշոր տրամաչափի զէնքով են կրակել գիւղի ուղղութեամբ»,- ըսաւ Վահէ Ալիխանեան: Վերջինիս համաձայն` վիրաւորուած քաղաքացիներ չկան.- «Ոչ մի մարդկային վնասներ չունենք: Երեխաներն այդ ժամանակ բակում խաղալիս են եղել, ընտանիքի բոլոր անդամները (մեծահասակները) տանն են եղել այդ ժամանակ: Բարեբախտաբար, հանգիստ է գիւղում»:

Վերջին երկու տարուայ ընթացքին առաջին անգամն է, որ ատրպէյճանական կողմը կրակած է այս գիւղի ուղղութեամբ, ըսաւ Ալիխանեան:

Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ հայ դիրքապահները ատրպէյճանական կրակակէտերու ուղղութեամբ համապատասխան գործողութիւններ ձեռնարկած են, որու հետեւանքով Ատրպէյճանական կողմը լռած է.- «Սահմանին իրավիճակը կայուն հանգիստ է»:

Տաւուշի մարզի, սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, վերջին անգամ լարուած էր Մարտ 30-ին: Ըստ Պաշտպանութեան Նախարարութեան` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը  ներթափանցման փորձ կատարած էր, որու հետեւանքով հայ 2 զինծառայող վիրաւորուած էր: Ատրպէյճանական կողմը նաեւ թիրախաւորած էր Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը, երեխայ վիրաւորուած էր, իսկ ղարաբաղ-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներու համաձայն` ատրպէյճանական կողմը շաբաթական աւելի քան 100 անգամ կը խախտէ հրադադարի պայմանները:

Ապրիլ 29-ին, Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան՝ Մարտունիի հատուածին մէջ, ատրպէյճանական զինուժը 60 միլիմեթրանոց ականանետեր կիրառած է, ՊԲ ստորաբաժանումները կորուստներ չեն կրած:

Ատրպէյճանը Մայիս 18-22 միջոցին, լայնածաւալ ռազմական զօրավարժութիւններ կը կատարէ մինչեւ 10 հազար զինծառայողի, մասնակցութեամբ` հրետանիի, , հրթիռահրետանային համալիրներու ու օդուժի ներգրաւմամբ:

Ըստ քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանի՝ Ատրպէյճանի աշխուժութիւնը որեւէ հանգամանքով պայմանաւորուած չէ, Հայաստանի համար հիմա անհանգստանալու յատուկ առիթ չկայ, այդուհանդերձ, քանի դեռ վերջնական խաղաղութիւն հաստատուած չէ, պէտք է զգօն ըլլալ.- «Ատրպէյճանի այսպէս ասած` աւանդական քաղաքականութեան շրջանակում է, որին Հայաստանը պէտք է պատրաստ լինի միշտ: Սովորաբար Պաքուն այդ ռազմական սպառնալիքի մարտավարութեանը կամ դրա աշխուժացմանը դիմում է, երբ գտնուում է քաղաքական, դիւանագիտական ծանր վիճակում»:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի շաբաթներ առաջ ըրած աղմկայարոյց յայտարարութիւնը, թէ այժմ փաստաթուղթեր կը քննարկուին, որոնք կ’ենթադրեն ԼՂ հիմնախնդիրի փուլային տարբերակով լուծում, ըստ Պատալեանի, վկայեց, որ քաղաքական իրավիճակը Ղարաբաղի շուրջ առաջին հերթին բարւոք չէ Պաքուի համար.- «Եւ դրա պարզ վկայութիւնն էլ նաեւ այն էր, որ Լաւրովի յայտարարութիւնը իրականում Պաքուում առաջ բերեց իրենց արտաքին գործոց նախարար Մամետեարովի գործունէութեան հանդէպ դժգոհութիւն հենց իշխանական շրջանակներից»:

Պաքուի կողմէ ռազմական սպառնալիքի հռետորաբանութեան ուժգնացումը, ըստ քաղաքական մեկնաբանին, կը յուշէ Ատրպէյճանի համար քաղաքական, դիւանագիտական փակուղիի մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment