Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Ոտնձգութեան Հարցը Տեղափոխուած Է Թուրքիոյ Խորհրդարան

Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Ոտնձգութեան Հարցը Տեղափոխուած Է Թուրքիոյ Խորհրդարան

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութենէն (HDP) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հայկական եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման հարցը տեղափոխած է երկրի խորհրդարան։ Ան գրաւոր հարցում ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ուղղուած ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլուին։ Այս մասին կը գրէ ermenihaber-ը։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներէն մէկը, Մայիս 8-ին, փորձած էր վառել  Պոլսոյ Պաքըրքէոյ շրջանի Զեյթինլիք թաղամասի հայկական Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ դուռը։ Բայց չէր յաջողած։

Փայլան ուշադրութեան յանձնած է այն փաստը, որ ձերբակալուած անձնաւորութիւնը իր խոստովանութեան մէջ, իր արարքի պատճառը նշած է հետեւեալը. «Որովետեւ «Քորոնա» ժահրը ասոնք (հայեր-խմբ․) բերած են»։

Հայ պատգամաւորը ընդգծած է նաեւ, որ ատելութեան մթնոլորտին մէջ, Պաքըրքէոյի եւ տարբեր շրջաններու մէջ պարբերաբար եկեղեցիներու նկատմամբ ոտնձգութիւններ կը կատարուին։ Նոյնիսկ ազգայնամոլական բնոյթի գրութիւններ տեղ գտած են հայկական եկեղեցիներու պատերուն վրայ։

Այս ամէնը նկատի առնելով Կարօ Փայլան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղած է հետեւեալ հարցերը.

Չէ՞ք կարծեր, որ փոքրամասնութիւններու կրօնական հաստատութիւններու հանդէպ ատելութեան հողի վրայ կատարուող յարձակումներուն վրայ ազդեցութիւն ունին Թուրքիոյ նախագահի կողմէ գործածուող խօսքերը, ինչպէս օրինակ՝ «Սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը։

Ի՞նչպիսի միջոցներ կը ձեռնարկէք յաճախակի յարձակման ենթարկուող փոքրամասնութիւններուն պատկանող կրօնական հաստատութիւնները պաշտպանելու համար։

Ըստ ինծի՝ ատելութեան հողի վրայ կատարուող այս յարձակումները ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա, կ’ուղղորդուին պետութեան ներսը գտնուող տեսանելի կամ անտեսանելի կեդրոններու կողմէ։ Հակառակը կրնա՞ք պնդել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment