Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մարուքեան Պատրաստ Չէ Հրաժարելու Ազգային Ժողովէն

Մարուքեան Պատրաստ Չէ Հրաժարելու Ազգային Ժողովէն

by MassisPost

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան չի պատրաստուիր վար դնել մանդատը հրաժարիլ իրաւագիրէն։ Ազգային ժողովի մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքէն յետոյ, Մարուքեան յայտարարած էր, որ իշխող խմբակցութեան պատգամաւորները, որոնք զինք հարուածած են, պէտք է վար դնեն մանդատները հրաժարին իրենց իրաւագիրներէն:

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունց յայտարարած էր, որ պատրաստ են մանդատները վար դնելու հրաժարելու, եթէ Էտմոն Մարուքեան եւս վար դնէ մանդատը հրաժարի։ Մարուքեան ըսած է, որ իրենք զոհն են, ոչ թէ բռնարարը, ինչո՞ւ պէտք է վար դնեն մանդատը հրաժարին.- «Ես գիտեմ, որ Նիկոլ Փաշինեանը Ձեզ խնդրել է, որ մի ձեւ գտնէք, մենք մանդատները դնենք, որ մեր Նիկոլին տեսնէք, ասէք` էլ ուրիշ ձեւ չգիտե՞ս, Նիկո՛լ: Էտ վերջին ընդդիմախօսներին ե՞ս ուզում վերացնես: Մեր մանդատներն ինչի՞ դնենք, ո՞ւմ ենք խփել: Այ Սասուն Միքայէլեանը, բնականաբար, պիտի դնի մանդատը, որովհետեւ նա քաղաքականութեան կապ չունի, նա որ խօսում է, սկի մարդիկ չեն հասկանում` ինչ է ասում: Մանդա՞տ էք ուզում, մանդատ չէք ստանայ, մանդատը մենք դնենք որ ի՞նչ, մենք բռնութեան զոհն ենք, իսկ դուք` բռնութեան հեղինակները եւ նախաձեռնողները: Մենք մանդատը դնենք, որ ի՞նչ, մանդատը դնենք, որ ընդհանրապէս անսասան  բռնատէրեր լինէ՞ք երկրում: Դա բացառուած է: Հանդարտուէ՛ք»:

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունց յայտարարած է, որ «Լուսաւոր Հայաստանը»  բախումի զոհ չէ, այլ կողմ, եւ կոչ ուղղած է Էտմոն Մարուքեանին վերադառնալու քաղաքական բովանդակութեան դաշտ.- «Կոչ եմ անում իմ յարգելի գործընկերոջը վերադառնալ քաղաքական բովանդակային դաշտ, եւ Ազգային ժողովի աշխատանքները վերադարձնենք բովանդակային փուլ:

Չնայած այն հանգամանքին, որ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը որեւէ կերպ իր մեղքի մասնաբաժինը միջադէպի առնչութեամբ չի ընդունում, ինչի հետ մենք համաձայն չենք… մենք էլ հնչեցրինք քաղաքական ելոյթներ ու ասացինք` որ զոհ չեն, այլ բախումի կողմ են: Չնայած այն հանգամանքին, որ նրանք հանրային կերպով չեն ընդունում իրենց մեղքի մասնբաժինը, ես լիայոյս եմ, որ այնուամենայնիւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնն իրենց համար, ոչ որեւէ մէկի համար, ոչ մեզ համար, իրենց համար կ’անի հետեւութիւններ: «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը թէ դատապարտել է տեղի ունեցածը մեր հատուածով եւ ընդհանրապէս միջադէպի տեղի ունենալը որպէս միջադէպ, նաեւ մեր հետեւութիւնները մենք արել ենք: Մենք լիայոյս ենք, որ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը նոյնպէս կ’անի հետեւութիւններ, թէկուզ ոչ հանրային, ոչ հրապարակային, եւ մեր աշխատանքները կը վերադառնան բնականոն քաղաքական, բովանդակային դաշտ»:

Էտմոն Մարուքեան, անդրադառնալով իշխող «Իմ քայլի» պնդումներուն, թէ «Լուսաւոր Հայաստանը» միջադէպը սադրած է, քանի որ ապօրինի ծագումով գոյքի բռնագանձման օրէնքը ընդունած են, յայտարարեց, որ իշխանութիւնը կը շահարկէ այս հարցը, եւ խորհուրդ տուաւ սկսիլ իրենցմէ, եւ ստուգել Սասուն Միքայէլեանի եւ գործարար Խաչատուր Սուքիասեանի ունեցուածքը.- «Ապօրինի գոյք էք շահարկում, մի հատ Հրազդան քաղաքում Ձեր ապօրինի գոյքը գնացէք, յայտարարագրէք, հիմքերը ներկայացրէք իրաւապահ մարմիններին, մի հատ հիմնաւորէք, թէ 2003 թուականին Ռոպերթ Քոչարեանի ընտրութիւնների ժամանակ ինչ էք արել, նոր կը խօսենք: Ինչի՞ մասին է խօսքը: Հա, մոռացայ Ալեն Սիմոնեանին. մի հատ Խաչատուր Սուքիասեանի գոյքն էլ պէտք է ապօրինի գոյքի օրէնքի հետ կապուած ստուգուի ծայրից ծայր»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment