Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահը Ստորագրած է «Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Մասին» Օրէնքը

Նախագահը Ստորագրած է «Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Մասին» Օրէնքը

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 11-ին ստորագրած է «Ապօրինի գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը եւ 14 յարակից օրէնքները, կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն: Օրէնքները Ազգային ժողովի կողմէն նախագահի ստորագրման ներկայացուած էին Ապրիլ 21-ին:

Ինչպէս կը նշեն նախագահի աշխատակազմէն, օրէնքի ընդունումը Կառավարութիւնը կը հիմնաւորէ յանցաւորութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու եւ այդ յանցաւոր գործունէութեան արդիւնքով ապօրինի ձեռք բերուած գոյքը բռնագանձելու անհրաժեշտութեամբ: Հաղորդագրութեամբ կը յիշեցնեն նաեւ, որ օրէնքի նախագիծի քննարկման փուլին եւ զայն նախագահի ստորագրման ներկայացուելէն յետոյ, բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ, օտարերկրեայ ներդրողներ, իրաւաբանական եւ մասնագիտական հանրութեան եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ, իրաւապաշտպաններ եւ անհատ քաղաքացիներ, իրենց մտահոգութիւնը ներկայացուցած են նախագահի աշխատակազմին, օրէնքի սահմանադրականութեան, օրէնքի կիրառման հետեւանքով հնարաւոր քորուփցիոն վտանգներու, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան զարգացման, ներդրումային միջավայրի եւ ֆինանսական կայունութեան վրայ օրէնքի հնարաւոր բացասական ազդեցութեան եւ հետեւանքներու վերաբերեալ:

«Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը արտայայտուած մտահոգութիւններն ու նկատառումները հանգամանալից եւ հետեւողականօրէն քննարկել է Ազգային ժողովի պետական-իրաւական մշտական յանձնաժողովի նախագահի ու արդարադատութեան նախարարի հետ եւ ստացել պարզաբանումներ: Հանրապետութեան նախագահը մեծապէս կարեւորում է յանցաւորութեան դէմ պայքարը:

Միեւնոյն ժամանակ ակնկալուում է, որ օրէնքը պէտք է կիրառուի ընդունման իրաւաչափ նպատակին խիստ համապատասխան՝ որպէս բացառիկ միջոց առանձնապէս բարձր հանրային վտանգաւորութիւն ունեցող յանցագործութիւնների դէմ պայքարելու համար: Օրէնքի անբարեխիղճ կիրառումը կարող է խաթարել պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը եւ վտանգի տակ դնել դրա արդիւնաւէտութիւնը»,- նշուած է նախագահի աշխատակազմի յայտարարութեան մէջ:

Արմէն Սարգսեան դեռեւս Փետրուար 6-ին դիմած էր Սահմանադրական դատարան, վիճարկելով «Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգրքում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի, ինչպէս նաեւ անոր հետ փոխկապակցուած « Դրամատնային գաղտնիքի մասին» օրէնքում լրացում կատարելու մասին» օրէնքի որոշ դրոյթներու սահմանադրականութիւնը: Դիմումի քննութիւնը նախատեսուած է Յունիս 16-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment