Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելոս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի «Քորոնայ» Ժահրի Մասին Թարմ Տեղեկութիւնները Ուղղուած Հայութեան

Լոս Անճելոս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի «Քորոնայ» Ժահրի Մասին Թարմ Տեղեկութիւնները Ուղղուած Հայութեան

by MassisPost

Լոս Անճելոս Գաւառի Առողջապահութեան Բաժանմունքի հրապարակսծ վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն , Մայիս 11-ին, Գաւառին մէջ արձանագրուած են  մահուան 39 դէպքեր   եւ «Քորոնայ» Ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 32,258-ի:

Լոս Անճելոս Գաւառի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունքի մասնագէտ՝  Նօնա Յովանիսեան Հայերէն լեզուով այսօր պատգամ ուղղեց, ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝ կոչ ընելով Ամերիկահայ համայնքին, որ շարունակէ հետեւիլ առողջութեան կանոններուն, որպէսզի չվարակուին հիւանդութեամբ:

Ստուգելու համար եթէ իրաւունք ունիք «Քորոնայ» Ժահրի քննութիւն պահանջելու եւ շարժական կեդրոններու մէջ քննութեան ժամադրութիւն ստանալու համար կրնաք այցելել Լոս Անճելոս Գաւառի կայքէջը՝ https://covid19.lacounty.gov/testing/.

Վերջին տուեալներու համաձայն Կլէնտէլը կը շարունակէ մնալ, մինչեւ օրս վարակակիրներու ամէնէն մեծ թիւը ունեցող քաղաքներէն մէկը, ուր արձանագրուած է 738 դէպք եւ մահուան 50 դէպք: Հայաշատ այլ շրջանները կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը՝ Պըրպէնք 304 դէպք, Արեւելեան Հոլիվուտ 164 դէպք, Հոլիվուտ 214 դէպք, Փոքրիկ Հայաստան 158 դէպք, Մոնթեպելլօ 215 դէպք, Հիւսիսային Հոլիվուտ 489 դէպք, Նորթրիճ 216 դէպք, Փասատինայ 551 դէպք, Սանլէնտ 111 դէպք եւ Թահանկայ 90 դէպք:

Բոլոր քաղաքներու լրիւ պատկերին ծանօթանալու համար կարելի է այցելել http://publichealth.lacounty.gov/media/Coronavirus/ կայքէջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment