Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոչարեանի եւ Միւսներուն Դատը Վերսկսաւ. Կը Քննարկուի Նախկին Վարչապետներու Միջնորդութիւնը

Քոչարեանի եւ Միւսներուն Դատը Վերսկսաւ. Կը Քննարկուի Նախկին Վարչապետներու Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, նախագահութեամբ՝ դատաւոր Աննա Տանիպեքեանի, մեկնարկուած է երկրորդ նախագահ, սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներուն գործով դատական նիստը:

Նշենք, որ Հայաստանի նախկին վարչապետներու՝ Վազգէն Մանուկեանի, Խոսրով Յարութիւնեանի, Կարէն Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին վարչապետ՝ Անուշաւան Դանիէլեանի` Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը անձնական երաշխաւորութեամբ փոխարինելու միջնորդութիւնը կը քննարկուի:

Դատավարութիւնը ընդհատուած էր Մարտ ամսուայ կէսին, դատաւորի առողջական խնդիրներու հետ պայմանաւորուած բացակայութեան պատճառով:

Ռոպերթ Քոչարեանը, Սեյրան Օհանեանը, Արմէն Գէորգեանը եւ Իւրի Խաչատուրովը «Մարտ 1-ի» քրէական գործի ծիրէն ներս կը մեղադրուին սահմանադրական կարգի տապալման մէջ:

Ռոպերթ Քոչարեան կալանքի տակ է 2019 թուականի Յունիս 25-էն:
Դատական նիստին, մեղադրող կողմը դատարանէն խնդրեց մերժել փաստաբանական խումբի կողմէն ներկայացուած Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը փոխելու վերաբերեալ 3 միջնորդութիւնները, կալանաւորումը ընդհանրապէս վերացնելու, գրաւ կամ անձնական երաշխաւորութիւն կիրառելու վերաբերեալ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, դատախազ Պետրոս Պետրոսեանը նշեց, որ չէ վերացեր գործի քննութիւնը խոչընդոտելու եւ  թաքնուելու վտանգը։
«Դատավարական առումով դեռ ոչինչ տեղի չի ունեցել, գործով որեւէ դատավարական գործողութիւն չի իրականացուել, որեւէ անձ դատարանում չի հարցաքննուել, քննութեանը խոչընդոտելուն որեւէ վտանգ չի նուազել»,- ըսաւ Պետրոսեան։

Անդրադառնալով համաճարակային իրավիճակով Քոչարեանին ազատ արձակելու հիմքերուն, դատախազը նշեց, որ  միջազգային կառոյցներու կողմէն հրապարակուած սկզբունքներուն մէջ չկայ որեւէ մատնանշում, որ պետութիւնները պարտաւոր են  վտանգի խումբին մէջ գտնուող անձեր, համավարակով պայմանաւորուած, առանց հիմքերուն անդրադառնալու ազատ արձակել եւ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց չկիրառել։

Պետրոսեան կը գտնէ, որ Քոչարեանի պաշտպաններուն կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնները, խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ, անհիմն են եւ ենթակայ են մերժման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment