Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Հռոմի Պապի Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Հռոմի Պապի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 8-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի հետ, կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է «Քորոնա» ժահրի  ընկերային-տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման եւ խոցելի խաւերուն օգնութիւն տրամադրելու հարցով Հռոմի Սրբազան եկեղեցւոյ եւ անձամբ Ֆրանչիսկոս Պապի ջանքերուն համար եւ ներկայացուցած է համավարակի դէմ ՀՀ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:

Երկուստեք ընդգծուած է, այսօր աշխարհին մէջ խաղաղութիւն պահպանելը, սպառազինում դադրեցնելը եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան մշակոյթի տարածումն ու խրախուսումը: Այս  առումով  վարչապետ Փաշինեան մեծապէս կարեւորած է Ֆրանչիսկոս Պապի անցեալ ամսուայ կատարած համընդհանուր զինադադարի կոչը, ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման Հայաստանի յանձնառութիւնը ու նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան՝ հայ ժողովուրդի ու պատմական արդարութեան կողքին մշտապէս կանգնելու համար։

Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրուելու երկրորդ տարին լրանալու կապակցութեամբ: Ան մեծ գոհունակութեամբ ընդգծած է Հռոմի Կաթողիկէ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններն ու անսասան կապը, վերահաստատած է իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով:

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ կաթողիկէ համայնքի դերակատարումը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս: Երկուստեք ընդգծուած է երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու ընդլայնման պատրաստակամութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment