Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 145-ով, Բուժուածներունը՝ 33-ով, Գրանցուած է Մահուան Դէպք մը Եւս

Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 145-ով, Բուժուածներունը՝ 33-ով, Գրանցուած է Մահուան Դէպք մը Եւս

by MassisPost

Հայաստանի մէջ նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 145-ով՝ հասնելով 3 հազար 29-ի, գրանցուած է հիւանդութենէ մահուան եւս դէպք մը, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:

Կեդրոնի պաշտօնական կայքի Մայիս 8-ի ժամը 11-ին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 33-ով եւ հասած 1218-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած  հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 29 հազար 205:

Մահուան դէպքի վերաբերեալ՝ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «հիւանդը եղել է 48 տարեկան (կին) եւ ունեցել է ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւն»: «Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան մէկ դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով», – նաեւ ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 43-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 10 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանին մէջ կը բուժուին 1758 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment