Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Առջեւ Ծառացած Նոր Մարտահրաւէրները

Հայաստանի Առջեւ Ծառացած Նոր Մարտահրաւէրները

by MassisPost

Մայիս 4-էն սկսեալ Հայաստանի տարածքին հանուեցան ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները, որոնք հաստատուած էին պայքարելու համար «Քորոնա» Ժահրի տարածման դէմ: Որոշ բացառութիւններով, արտօնութիւն տրուեցաւ վաճառատուներուն, ճաշարաններուն եւ այլ աշխատատեղերուն՝ բանալու իրենց դռները: Հանրային փոխադրամիջոցներու տակաւին չեն աշխատիր, նկատի առնելով, որ այնտեղ դժուար է մարդոց միջեւ հեռաւորութիւն պահելու կանոններուն հետեւիլը: Ինչ կը վերաբերի դպրոցներուն ու կրթական հաստատութիւններուն, նախապէս արդէն յայտարարուած էր, որ այս տարուայ համար անոնք բոլորը փակուած են:

Աստիճանաբար «Բնականոն կեանքի» վերադառնալու ուղղուած այս քայլերը կ՛առնուին հակառակ անոր որ, վերջին օրերուն վարակուածներու թիւի զգալի աճ կ՛արձանագրուի, ինչ որ կը մղէ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին մտահոգութիւն յայտարարելու, որ մինչեւ Մայիսի վերջը 10 հազար հոգի կրնայ վարակուիլ ժահրի հիւանդութեամբ՝ առաւել եւս ծանրաբեռնելով առողջապահական համակարգը: Վերջին օրերուն նշմարուող թիւերու այս աճը պայմանաւորուած է մի քանի ազդակներով: Առաջինը այն է որ, վերջին շրջանին քննութիւններու թիւը աւելցած է եւ օրական հազար եւ աւելի քննութիւններ կը կատարուի: Որքան բարձրանայ քննութիւններու թիւը, այնքան աւելի վարակակիրներ ի յայտ կու գան: Երկրորդ պատճառը այն է որ, երկու շաբաթ առաջ արտօնուեցաւ շինարարութեան ոլորտի եւ արտադրամասերու գործունէութիւնը, որմէ ետք թիւերը սկսան բարձրանալ:

Վարակակիրներու թիւի աճին կը նպաստեն նաեւ քաղաքացիներու կողմէն ընկերային հեռաւորութիւն չպահպանելու եւ դիմակներ չօգտագործելու երեւոյթները:

Երկիրը բանալու կառավարութեան այս որոշումները կÿարժանանայ քննադատութեան, երկու իրարամերժ առարկութիւններով: Ոմանց կարծիքով սահմանափակումները դրուած էին այն ժամանակ երբ օրական 20-40 նոր վարակակիր կը յայտնաբերուէր, իսկ այժմ այդ թիւերը հասած են օրական 150 եւ աւելի: Միւս կողմէ կը հնչեն քննադատութիւններ, որ արտակարգ դրութիւն հաստատելով ու երկիրը փակելով օրական 54 միլիոն տոլար տնտեսական կորուստ արձանագրուած է: Անոնք, որպէս օրինակ կու տան Շուէտը, որ եւրոպական միակ երկիրն էր, ուր տնտեսութիւնը մնաց բաց եւ խնայուեցաւ տնտեսական անկումը: Սակայն, նոյն մարդիկ կը մոռնան յիշելու որ, 10 միլիոն բնակիչ ունեցող Շուէտը մինչեւ օրս ունեցած է 3 հազար մահ, իսկ 3 միլիոն բնակչութեամբ Հայաստանը՝ 40 մահ: Եթէ նոյնիսկ կառավարութիւնը ոչ մէկ միջամտութիւն չկատարէր՝ նոյնն է, զբօսաշրջիկութիւնը, որ կը կազմէ տնտեսութեան 15-20 տոկոսը, ամբողջութեամբ կաթուածահար եղած, ինչպէս ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Նոյնպէս, դադրած են աշխատանքի համար Ռուսաստան մեկնողներու դրամական փոխանցումները, որոնք կը տատանէին տարեկան մէկ միլիառ տոլարի շուրջ: Համաշխարհնացումի  այս ժամանակաշրջանին ոչ մէկ երկիր կղզիացած չէ եւ կ՛ազդուի մօտակայ ու հեռաւոր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող տնտեսական զարգացումներէն:

Ինչպէս աշխարհի բոլոր երկիրներու պարագային, Հայաստանի կառավարութիւնը եւս դժուարին երկընտրանքի առջեւ կը գտնուի: Մէկ կողմէ նժարի վրայ է ժողովուրդի առողջութիւն, իսկ միւս կողմէ՝ տնտեսական ու ընկերային տագնապը: ՚Քորոնաՙ Ժահրի հետեւանքները մեղմելու եւ տնտեսութիւնը խթանելու նպատակով կառավարութիւնը հաստատեց 130 միլիոն տոլար արժողութեամբ տարբեր բնոյթի 16 ծրագիրներ, որմէ օգտուեցան աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացիներ եւ 40 հազար ձեռնարկութիւններ: Կատարուած նիւթական ներդրումը բաւարար չէ մեղմելու համար ստեղծուած իրավիճակը, սակայն, պետութեան միջոցները սահմանափակ են ու գոյացածª 2018-ի Մայիսէն ետք կատարուած բարեփոխումներուն շնորհիւ միայն:

Կառավարութիւնը կը խոստանայ նաեւ 500 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել ենթակառոյցներու շինարարութեան ու արդիականացման ուղղութեամբ, այդ ծրագիրներուն մէջ ներգրաւելով ոչ միայն ներքին աշխատողներ, այլ նաեւ վերջերս Ռուսաստանէն վերադարձած հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ:

Հայաստանի դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն վրայ եկաւ աւելնալու նորը՝ առողջապահական տագնապը ու այս բոլորը վերացնելու համար կարիքը կայ օգտագործելու ամբողջ հայութեան ներուժը: Յոյսով ենք որ, երկարատեւ ու կեդրոնացած աշխատանքի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել նաեւ այս հանգրուանը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment