Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Հետեւանքներու Չեզոքացման Միջոցառումներով Տրամադրուած Օժանդակութեան Ծաւալը Կազմած է Աւելի Քան 62 Միլիառ Դրամ

«Քորոնա» Ժահրի Հետեւանքներու Չեզոքացման Միջոցառումներով Տրամադրուած Օժանդակութեան Ծաւալը Կազմած է Աւելի Քան 62 Միլիառ Դրամ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ կառավարութեան Մայիս 5-ի նիստին շարունակուած են «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներու չեզոքացման քաղաքականութեան շուրջ քննարկումները։

Ամփոփուած են կառավարութեան կողմէ ընդունուած հակաճգնաժամային միջոցառումներու կատարման արդիւնքներն ու ընթացիկ ցուցանիշները։ Փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան զեկուցած է տրամադրուած տնտեսական եւ ընկերային օժանդակութեան ծաւալներուն մասին. Մայիս 5-ի դրութեամբ օժանդակութեան ընդհանուր հասանելի ծաւալը կազմած է աւելի քան 62 միլիառ դրամ: Աջակցութիւն ստացած է մօտաւոր 24000 տնտեսվարող, 360000 ֆիզիքական անձ, իսկ  ամսական վճարումներու համար տրամադրուած օժանդակութեան շահառուներու քանակը գերազանցած է 1 միլիոնը:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են «Քորոնա» ժահրի հետեւանքները մեղմացնելու հետ առնչուող նոր գաղափարներ, որոնք կը վերաբերին ընկերային թիրախային աջակցութեան շահառուներու շրջանակի ընդլայնման, տնտեսական օժանդակութեան գործիքներու կիրառման, գիւղացիական տնտեսութիւններու խթանման եւ այլ հարցերու։ Անոնց վերաբերեալ ծաւալած է միտքերու շահագրգիռ փոխանակութիւն։

Ամփոփելով վարչապետը նշած է, որ հակաճգնաժամային քաղաքականութիւնը պէտք է միտուած ըլլայ աշխատանքի խրախուսման եւ անգամ մը եւս ընդգծած օժանդակութեան միջոցառումներու հասցէականութեան կարեւորութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է շարունակել քննարկումները այս տրամաբանութեամբ եւ ներկայացնել առաջարկներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment