Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 112-ով, Բուժուածներունը՝ 40-ով, Գրանցուած է Մահուան Դէպք մը Եւս

Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 112-ով, Բուժուածներունը՝ 40-ով, Գրանցուած է Մահուան Դէպք մը Եւս

by MassisPost

Հայաստանի մէջ, նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 112-ով՝ հասնելով 2619-ի, գրանցուած է մահուան դէպք մը եւս, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:

Կեդրոնի պաշտօնական կայքի Մայիս 5-ի ժամը 11-ին հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 40-ով եւ հասած 1111-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 25 հազար 846:

Մահուան նոր դէպքին վերաբերեալ, Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը ֆէյսպուքեան գրառումով կը տեղեկացնէ, որ «հիւանդը եղած է 64 տարեկան (կին) եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ»:

«Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով», – գրած է Ալինա Նիկողոսեան:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէ տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 1462 մարդ:

Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 40-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 6 անձ, ըստ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի, մահացած է այլ պատճառներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment