Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստան Մերժած է Սպառնալիքի Գործօնը Բանակցային Գործընթացին, կը Հաստատէ Զոհրապ Մնացականեան

Հայաստան Մերժած է Սպառնալիքի Գործօնը Բանակցային Գործընթացին, կը Հաստատէ Զոհրապ Մնացականեան

by MassisPost

Ապրիլեան պատերազմի կրկնութիւն տեղի պիտի չունենայ, Հայաստան կտրականապէս մերժած է սպառնալիքի գործօնը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին, Ազգային ժողովին մէջ, Մայիս 4-ին, յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար՝ Զաքիր Հասանովի նախօրէին ըրած ռազմաշունչ յայտարարութեան.- «Մենք չենք կարող ստեղծել իրավիճակ, երբ որ մեր ժողովուրդի համար անվտանգութեան համակարգը դառնում է խոցելի»:

Երկու օր առաջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը երկրի զինուած ուժերու ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, յայտարարած է, թէ կտրուկ մեծցած է ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու հաւանակութիւնը, ինչ որ պայմանաւորուած է հայկական կողմի սադրիչ գործողութիւններով: Ան յանձնարարած է ուժեղացնել հետախուզութեան բոլոր տեսակները առաջնագիծին վրայ։

Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Մնացականեանի խօսքով` անհնար է պատկերացնել իրական առաջընթաց բանակցութիւններուն, եթէ լարուածութիւն կայ.- «Չենք հաւատում, որ հնարաւոր է իրական առաջընթաց ունենալ, երբ որ քեզ առաջարկուում է, որ հնարաւոր է մէկ ձեռքով բանակցել, միւս ձեռքով կրակել: Խստօրէն պնդում ենք` հնարաւոր չէ»:

Հայաստանի իշխանութիւնները բանակցային գործընթացին նկատմամբ կառուցողական տրամադրուած են.- «Այդ մեթոտով շարունակում ենք, բայց կառուցողական չի նշանակում, որ մենք կարող ենք աշխատել մի իրավիճակի մէջ, երբ որ մեզ համար, մեր ազգային շահերի համար ստեղծուում է վտանգ, ստեղծուում է անընդունելի իրավիճակ»:

Զոհրապ Մնացականեան կ’ընդգծէ, որ 2016-ի ապրիլեան իրադարձութիւններու, նաեւ 90-ականներու պատերազմի կրկնութիւն տեղի պիտի չունենայ, եւ Հայաստանի իշխանութիւնները վճռական են այս հարցով: Ան կը վստահեցնէ, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորումը հիմնուած է փոխզիջումի սկզբունքին վրայ.- «Չի կարող որեւէ մէկը սպասել, որ Հայաստանը որեւէ քայլ կատարի, որը համադրելի չէ, որը ենթադրում է զիջում, եւ որը վնասում է մեր ազգային անվտանգութեանը: Սրանք շատ էական են, ուղղակի մնալ սառնասիրտ եւ հանգիստ»:

Գլխաւորը Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութիւնն է, կ’ընդգծէ նախարարը.- «Մեր դիրքերը շատ-շատ աւելի ամուր են, եւ ես շատ հանգիստ եմ զգում, ի դէպ, այդ առումով որովհետեւ ընդհանուր առմամբ մեր հասարակութեան մէջ ես գնահատում եմ, որ կայ համաձայնութիւն այս ամէնի շուրջ, որը էլ աւելի ամրապնդում է մեր դիրքերը»:

Քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեանի կարծիքով` Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի յայտարարութեան բուն շարժառիթը այդ երկրի առկայ իրավիճակն է, ներքին իշխանական հակասութիւնները, ուժայիններու եւ դիւանագիտական որոշ շրջանակներու միջեւ մրցակցութիւնը.- «Դա, ի հարկէ, չի նշանակում, որ մենք պէտք է թերագնահատենք այդ յայտարարութիւնները եւ քիչ ուշադրութիւն դարձնենք: Այստեղ հայկական կողմի անելիքը միարժէք է` մշտապէս պատրաստ լինել ռազմական տեսանկիւնից եւ այդպէս չեզոքացնել պատերազմի վտանգը եւ նաեւ քաղաքական առումով բաւական գործնական արձագանգել այսպիսի մարտահրաւէրներին»:

Պատալեանը արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանի այսօրուայ յայտարարութիւնները կոշտ կը համարէ.- «Երեւանը ցոյց տուեց, որ պատերազմական շանթաժն ինչ շարժառիթով էլ, որ արուում է Պաքուից, չի կարող աշխատել, եւ սա, կարծում եմ, Երեւանի համար շատ կարեւոր գիծ է, որը պէտք է պահել»:

Մեկնաբանի կարծիքով` Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հիմա պատերազմական գործողութիւններ չի վերսկսիր, քանի որ ռազմական գործողութիւններ սկսելու համար արտաքին օրինականութեան միջավայր չկայ.- «Միջավայր, որն այն ժամանակ էապէս ապահովել էր Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանը իր փաստացի հակահայ քաղաքականութեամբ, որ վարուում էր մինչեւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեան: Ներկայումս Ռուսաստանը մի շարք առումներով զսպուած է Պաքուի եւ Թուրքիայի հետ այդօրինակ գործակցութիւնը վերսկսելու հարցում»:

Ապրիլ 29-ին, Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ շփման գիծի արեւելեան հատուածին վրայ հակառակորդը կիրառած է 60 միլիմեթրանոց ականանետեր, բայց եւ այնպէս Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Յատկանշական է, որ վերջին անգամ Ատրպէյճանական զինուժը հայկական կողմի ուղղութեամբ ականանետեր կիրառած էր 2019-ի Յունիսին։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ այս պահուն շփման գիծը հանգիստ է.- «Որեւէ լարուածութիւն չկայ, եւ մտահոգիչ տեղաշարժեր կամ կուտակումներ եւս չկան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment