Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գլխաւոր Դատախազը Խօսած Է Նախկին Պաշտօնեաներուն Շքեղ Առանձնատուներու Մասին

Գլխաւոր Դատախազը Խօսած Է Նախկին Պաշտօնեաներուն Շքեղ Առանձնատուներու Մասին

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազ՝ Արթուր Դաւթեան Ապրիլ 30-ին, Ազգային ժողովին մէջ, պատասխանելով պատգամաւորներու հարցումին, անդրադարձաւ մամլոյ մէջ «ընտրեալներու թաղամասի» վերաբերեալ հրապարակումներուն: Խօսքը նախկին պաշտօնեաներու շքեղ առանձնատուներուն մասին է:

«Ինչ վերաբերում է ընտրեալների թաղամաս եւ այլն, ես շատ գաղտնիք չեմ ուզում բացել, բայց մենք Ապօրինի գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքին պատրաստուում ենք՝ նախագծից սկսած: Այդ պատրաստութիւնը նրանում է կայանում, որ մենք արդէն քրէական գործերով, այսպէս կոչուած, այդ անձանց ՝ մեր ապագայ չակերտաւոր գործընկերների գոյքային միաւորներն ուսումնասիրութեան առարկայ դարձնում ենք: Որ պահին օրէնքն ուժի մէջ կը մտնի, դրանցով արդէն որոշակի գործողութիւններ կ’իրագործուեն»,- ըսաւ գլխաւոր դատախազը:

Ըստ դատախազին՝ մամուլի հրապարակումներուն հիման վրայ նման քրէական գործեր կան, մեծ մասով քրէական հետապնդումներ կատարուած են:

Հարց ուղղուեցաւ նաեւ նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի առանձնատան վերաբերեալ: Արթուր Դաւթեան ըսաւ, որ Յատուկ Քննչական ծառայութեան վարոյթով, նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի առանձնատան փաստով քրէական գործ կը քննուի:

Տարբեր նախաքննական մարմիններու վարոյթին մէջ, քանի մը քրէական գործեր ունինք, աննախադէպ ծաւալներ ունեցող քննութիւն է, եւ ունինք գործնական տեղեկութիւններ, փաստական տուեալներ, որոնց վերլուծութիւնը կը վկայէ 15 տարի թաքցուած եւ արտօնեալ տնտեսական գործունէութիւն վարող հաստատութիւններու մասին: Այս մասին այսօր Ազգային Ժողովի լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան, կը յայտնէ Փաստինֆոն:

Դատախազի խօսքով՝ տնտեսական գործունէութիւնը յաճախ կատարուած է շուրջ 100 ֆորմալ պաշտօնական տնտեսական սուբյեկտների հաստատութիւններու կողմէ եւ գործնական, փաստական տուեալներու վերլուծութիւնը կը վկայէ, թէ այդ ամբողջ գործունէութիւնը մէկ -երկու կէտէ ղեկավարուած է, որովհետեւ նախագիծը այնպէս է, որ այդ գործունէութեան՝ յատկապէս արտօնեալ հատուածը, այլ կերպ քան կազմակերպուած եղանակով չէր կրնար իրագործուիլ:

Ըստ Դատախազին՝ այս ծաւալի քրէական գործեր դեռեւս չեն քննուած:

Դաւթեանը յստակացուց, որ խօսքը կը վերաբերի յարուցուած քրէական գործերու մասին, որոնց մասին հրապարակումներ եղած են, օրինակ՝ Գագիկ Խաչատրեանին հետ առնչուող քրէական գործով, Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ արդէն քրէական հետապնդում սկսած է եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment