Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 65-ով, Բուժուածներունը՝ 34-ով

Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 65-ով, Բուժուածներունը՝ 34-ով

by MassisPost

Հայաստանի մէջ անցած մէկ օրուայ ընթացքին  «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 65-ով՝ հասնելով 1932-ի, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:

Կեդրոնի պաշտօնական կայքի Ապրիլ 29-ի ժամը 11-ին հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 34-ով եւ հասած 900-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 20 հազար 189:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն, տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուին 1000 մարդ:

Մահացածներու ընդհանուր թիւը, ըստ նոյն պաշտօնական տուեալներուն կը մնայ 30: Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ալինա Նիկողոսեան կը մանրամասնէ. – «Ընդհանուր առմամբ, ունենք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնից մահուան 30 դէպք: Նախորդ օրերին արձանագրուել է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment