Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գաւառի Մէջ Տեղի Ունեցած Զինուած Միջադէպի Գործով Ձերբակալուած է 5 Անձ

Գաւառի Մէջ Տեղի Ունեցած Զինուած Միջադէպի Գործով Ձերբակալուած է 5 Անձ

by MassisPost

ՀՀ քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութիւնը ստացաւ եւ վարոյթ ընդունեց Գաւառ քաղաքին մէջ երկու անձ սպանելու եւ չորս անձի հրազենային մարմնական վնասուածքներ պատճառելու, ինչպէս նաեւ խումբ մը անձերու կողմէ բռնութեամբ եւ գոյքը ոչնչացնելով զուգորդուած զանգուածային անկարգութիւններու դէպքերու առթիւ յարուցուած քրէական գործերը, որոնք միացուած են մէկ վարոյթով: Այս մասին նշուած է Քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

2020 թուականի Ապրիլ 28-ին ժամը 17:00-ի սահմանները, Գաւառ քաղաքի Ազատութեան փողոցի ճանապարհի երթեւեկելի գօտիին վրայ,  ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձը (անձինք),  շատերու կեանքի համար վտանգաւոր եղանակով, կրակահերթ արձակած են Նորաթուս համայնքի բնակիչներ Վահէ Աւետիսեանի, Հրաչեա Յակոբեանի, Արմէն Սարգսեանի, Արտեոմ Պետրոսեանի եւ Սասուն Մելոյեանի, Գաւառի բնակիչներ՝ Զոհրապ Պարոնիկեանի, Արմէն Հայթեանի եւ Վարդան Թաւոյեանի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով, ստացած կեանքի հետ անհամատեղելի վնասուածքներէն՝ Վ. Աւետիսեանը եւ Զ. Պարոնիկեանը տեղւոյն վրայ մահացած են, իսկ միւսները՝ ստացած մարմնական վնասուածքներով, տեղափոխուած են «Գաւառ Բժշկական Կեդրոն» ՓԲԸ (Փակ բաժնետիրական ընկերութիւն):

2020 թուականի Ապրիլ 28-ին, «Գաւառ Բժշկական Կեդրոնի» ՓԲԸ-էն, ՀՀ ոստիկանութեան Գաւառի բաժինը ահազանգ ստացած է այն մասին, որ խումբ մը անձեր յարձակած են Գաւառի հիւանդանոցին վրայ, կոտրած ապակիները եւ գոյքը եւ հարուածներ հասցուցած Դաւիթ Հայթեանին, պատճառելով մարմնական տարբեր վնասուածքներ,  ծակած-կտրած վէրքեր եւ ՝ արիւնային ցնցումներ՝ ծանր աստիճանի:

Պարզուած է նաեւ, որ Զ. Պարոնիկեանի եւ Վ. Աւետիսեանի հարազատները եւ ընկերները, իմանալով, որ վերջիններս մահացած են, կարծելով, որ իրենց հարազատներու սպանութիւնը կատարած են հիւանդանոց գտնուող Ա. Հայթեանը, Դ. Հայթեանը եւ Վ. Թաւոյեանը, վերջիններս սպանելու դիտաւորութեամբ, ներխուժած են հիւանդանոց, կտրող-ծակող գործիքներով յարձակած վերջիններուն վրայ եւ փորձած սպանել զանոնք, սակայն իրենց կամքէն անկախ հանգամանքներով եւ ոստիկանութեան միջամտութեամբ, յանցագործութիւնը աւարտին չեն հասցուցած եւ դիմած են փախուստի:

Բացի այդ,  2020 թուականի Ապրիլ 28-ին, ժամը 17։00-ի սահմաններուն, տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան ընթացքին, որու ժամանակ սպանուած են Գաւառ քաղաքի բնակիչ՝ Զ. Պարոնիկեան եւ Նորաթուս գիւղի բնակիչ՝ Վ. Աւետիսեանը, վնասուածքներ ստացած են նաեւ Նորաթուս գիւղի բնակիչներ՝ Հ. Յակոբեանը, Ա. Պետրոսեանը, Ա. Սարգսեանը, Ս. Մելոյեանը, Ա. Հայթեանը եւ Վ. Թաւոյեանը:

Վ. Աւետիսեանի եւ Զ. Պարոնիկեանի հարազատները եւ ընկերները, բազմաթիւ անձեր, կարծելով, որ անոնց սպանութիւնը կատարած են Գաւառի հիւանդանոց գտնուող բուժօգնութեան դիմած Ա. Հայթեանը եւ Վ. Թաւոյեանը, շրջափակած են Գաւառի հիւանդանոցի մուտքերը, այնտեղ ծառայութիւն կատարող ոստիկանութեան աշխատակիցներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրելով, մուտք գործած են հիւանդանոց, կոտրելով մուտքի դռները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի գոյքը:

Զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու կասկածանքով  առայժմ ձերբակալուած է  5 անձ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment