Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած է Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:

Նիկոլ Փաշինեան զրոյցի սկզբնաւորութեան Իրանի նախագահին եւ ողջ ժողովուրդին շնորհաւորած է Ռամատանի սուրբ տօնի կապակցութեամբ:

Զրուցակիցները տեղեկատուութիւն փոխանակած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերաբերեալ իրենց երկիրները տիրող իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարի առումով ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Անոնք երկուստեք ցաւակցութիւն  յայտնած են համաճարակի պատճառով մահացածներուն համար: Նշուած է մարդկութեան պատուհասած այս վտանգին դիմակայելու համար միջազգային հանրութեան միասնական ջանքերու գործադրման եւ երկկողմանի համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են, որ չնայած հաղորդակցութեան ոլորտի ժամանակաւոր սահմանափակումներուն, երկու երկիրները կը շարունակեն առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը: Երկուստեք կարեւորած է այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլեր ձեռնարկելը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Հասան Ռուհանին, մասնաւորապէս, ընդգծած են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան նախաճգնաժամային  ծաւալներու վերականգնման նպատակով համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելու պատրաստակամութիւնը, պահպանելով ստեղծուած իրավիճակին պարտադրած սահմանափակումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment