Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յառաջիկայ 10 Օրուայ Ընթացքին Պէտք է Տնտեսական Գործունէութեան Բոլոր Ոլորտները Բացուին. Փաշինեան

Յառաջիկայ 10 Օրուայ Ընթացքին Պէտք է Տնտեսական Գործունէութեան Բոլոր Ոլորտները Բացուին. Փաշինեան

by MassisPost

«Մենք ընդհանուր առմամբ գնալու ենք սահմանափակումների նուազեցման եւ քայլ-քայլ, եթէ արտառոց բան չպատահի, առաջիկայ 10 օրերի ընթացքում ըստ էութեան գնալու ենք սահմանափակման կանոններու  նուազեցման », – յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 28-ին ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով:

«Մենք հիմա մտածում ենք, որ առաջիկայում, առաջիկա 10 օրուայ ընթացքում պէտք է տնտեսական գործունէութեան բոլոր ոլորտները բացուեն, բայց ամէն ոլորտի համար Առողջապահութեան նախարարութիւնը պէտք է անվտանգութեան կանոնների պահպանման որոշակի տրամաբանութիւն դնի, այսինքն՝ ճաշարանները ինչ անվտանգութեան կանոններ պէտք է պահպանեն աշխատելու համար, սրճարանները ինչ կանոններ պէտք է պահպանեն, արտադրամասերը ինչ կանոններ պէտք է պահպանեն, եւ էսպէս շարունակ», – նշեց պետութեան ղեկավարը՝ աւելցնելով. – «Մենակ կրթական համակարգն է, որ մենք սահմանափակուած կը պահենք, եւ յետոյ կը տեսնենք՝ ինչ կը լինի, եւ յետոյ գործնականօրէն կ’արձագանգենք»:

Փաշինեան յայտնեց, որ պարէտը այսօր նոր որոշում կը ստորագրէ կամ արդէն ստորագրած է, որմով կը հանուի բնակութեան վայրէն ոչ աւելի քան մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեամբ ֆիզիքական վարժութիւններ կատարելու ու հեծանիւ վարելու նախկին սահմանափակումը: ««Եւ այժմ աւելի թուլացուելու է ռեժիմը, եւ մասնաւորապէս թոյլատրուելու է բնակութեան վայրին մօտ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան տարածքում զբօսնել՝ <…> պայմանով, որ ընտանիքի անդամները կարող են իրար հետ զբօսանքի դուրս գալ», – ըսաւ վարչապետը, նշելով, որ ժամերը կը սահմանէ պարէտը, եւ որ այդ ամէնուն հետ կը պահպանուի «Տեղաշարժման թերթիկ» ունենալու պահանջը:

Յիշեցնենք, որ թէեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի կապակցութեամբ Հայաստանի մէջ Մարտ 16-ին  յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է, օրեր առաջ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը վերացած համարեց համայնքային ծառայութիւններուն դիմաց վճարումները կատարելու խոչընդոտող անյաղթահարելի հանգամանքները, որուն յաջորդեցին Փետրուար եւ Մարտ ամսուայ համայնքային վարձերու պարտքեր ունեցողներու տուներուն անջատումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment