Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաչատրեաններուն Ընտանիքը Պէտք է Քանի Մը Հարիւր Միլիոն Տոլար Վերադարձնէ Պետութեան. Վարչապետի Խօսնակ

Խաչատրեաններուն Ընտանիքը Պէտք է Քանի Մը Հարիւր Միլիոն Տոլար Վերադարձնէ Պետութեան. Վարչապետի Խօսնակ

by MassisPost

Գագիկ Խաչատրեանի ընտանիքը, ի պատասխան ՀՀ վարչապետի այն ելոյթներուն, թէ   կաշառակեր պաշտօնատար անձիք, անոնց կարգին՝ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ՝ Գագիկ Խաչատրեանի եւ անոր ընտանիքի կողմէ Հայաստանի պետութենէն եւ ժողովուրդէն թալանուածը կոպեկ առ կոպեկ պէտք է վերադարձուի, հայաստանեան տարբեր պաշտօնեաներու հետ իրենց նախաձեռնութեամբ ունեցած շփումներու ընթացքին, պատրաստակամութիւն յայտնած են վերադարձնել իրենց թալանածը եւ վերականգնել պետութեան պատճառուած վնասը: Այս մասին նշուած է ՀՀ վարչապետի խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեանի տարածած յայտարարութեան մէջ:

ՀՀ կառավարութեան ունեցած տուեալներով, Գագիկ Խաչատրեանը եւ իր որդիները ղեկավարած են Հայաստանի մէջ երկար տարիներ գործած քոռուփցիոն եւ մաֆիոզ համակարգ, որու հետեւանքով կուտակած են քանի մը հարիւր միլիոն տոլարի ապօրինի հարստութիւն: Վարչապետի դիրքորոշումն այն է, որ այդ թալանուածը պէտք է մինչեւ վերջ վերադարձուի պետութեան:

Ինչ կը վերաբերի UCOM ընկերութեան, անոր բաժնեմասերու օտարումը Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ, հնարաւոր է միայն ՀՀ կառավարութեան համաձայնութեամբ: Երբ ընկերութեան բաժնետէրերուն միջեւ վէճ ծագած է, եւ բաժնետէրերու կազմի փոփոխութեան հարց, կառավարութեան դիրքորոշումը եղած է այն, որ Խաչատրեաններու բաժնեմասի վաճառքը հնարաւոր կ’ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ այդ վաճառքի դիմաց ստացուող ողջ գումարը փոխանցուի Հայաստանի պետական պիւտճէն: Այս դիրքորոշումը ուժի մէջ է նաեւ այսօր, ապօրինի ծագումով որեւէ գոյքի պարագային:

Վարչապետի դիրքորոշումը այն է, որ եթէ պարզուի, որ այս ողջ ընթացքին եղած են պաշտօնեաներ, որոնք փորձած են այս գործընթացէն անձնական օգուտներ ստանալ, անոնք պատասխան պէտք է տան օրէնքի առջեւ նոյն կերպով, ինչպէս Խաչատրեաններու մաֆիոզ համակարգի ներկայացուցիչները:

Վարչապետը քանի մը անգամ հրապարակային դժգոհութիւն արտայայտած է, որ յայտնի քորուփցիոներներու հետ առնչուող քրէական գործերը չունին հանրութեան կողմէ ակնկալուող արդիւնաւէտութիւն: Վարչապետը՝ առայժմ համբերատար է եւ Հայաստանի իրաւապահ համակարգէն կը սպասէ արագ եւ կոնկրետ որոշակի արդիւնքներ:

Կառավարութիւնը տեղեկութիւններ ունի, որ UCOM ընկերութեան մէջ, քորուփցիոն ծագումին մէջ բաժին ունի նաեւ Սերժ Սարգսեանի փեսան՝ Միքայէլ Մինասեանը եւ Խաչատրեաններու դե իւրե տէ ժուրէ բաժնի  մէկ մասին սեփականատէրը Սերժ Սարգսեանի փեսան՝ Միքայէլ Մինասեանն է: Վարչապետը կ’ակնկալէ, որ իրաւապահները պատշաճ քննութեան կ’ենթարկեն նաեւ Սերժ Սարգսեանի ընտանիքի ղեկավարած քորուփցիոն համակարգը, որ նոյնպէս արտայայտուած է տարբեր յաջողակ բիզնեսներում բաժիններ գործերու մէջ բաժնետոմսեր ձեռքբերելով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment