Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. Բացայայտուած է Առանձնապէս Խոշոր Չափերով՝ 22,4 Մլն Տոլարի Կաշառքի Դէպք

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. Բացայայտուած է Առանձնապէս Խոշոր Չափերով՝ 22,4 Մլն Տոլարի Կաշառքի Դէպք

by MassisPost

Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու կողմէ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու դէպքերու առթիւ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) քննչական բաժնին կողմէ յարուցուած քրէական գործով  յայտնաբերուած են փաստական տուեալներ, որ շարք մը տնտեսվարող հաստատութիւններու, որոնց կարգին է Հայաստանի խոշոր հարկատուներու ցանկին մէջ ընդգրկուած ձեռնարկութեան գլխաւոր տնօրէնը ՊԵԿ նախագահի, այնուհետեւ՝ ֆինանսներու նախարարի պաշտօնը գրաւած անձին, վերջինիս որդիներու միջոցով, տուած է առանձնապէս խոշոր չափերով` 22 միլիոն 401 հազար տոլարի կաշառք: Այս մասին կը հաղորդէ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնը:

Առերեւոյթ կաշառքի նպատակը, ըստ հաղորդագրութեան, նշուած բարձրաստիճան պաշտօնեայի կողմէն ծառայութեան գծով ընդհանուր հովանաւորութիւնն էր, անոր ղեկավարման ներքեւ գտնուող հարկային եւ մաքսային մարմիններու կողմէն իր ներկայացուցած առեւտրային կազմակերպութիւններու գործունէութեան համար խոչընդոտներ չստեղծելը, վարչական մարմիններու միջամտութենէն նշուած ընկերութիւններու տնտեսական գործունէութիւնը հնարաւորինս զերծ պահելը, պետական մարմիններու վերահսկողական գործառոյթները մեղմացնելը եւ համապատասխան հիմքերու առկայութեան պարագային առաւել բարենպաստ վարչական  գործեր կայացնելը:

«Պաշտօնեայի որդիների նախաձեռնութեամբ նշուած գումարի յանցաւոր ծագումը թաքցնելու, դրա իրական բնոյթը, ծագման աղբիւրը, տնօրինման եղանակը խեղաթիւրելու, իրական պատկանելիութիւնը թաքցնելու նպատակով, նշուած ձեռնարկատէրը 2011 թուականի ընթացքում կաշառքի առարկայ հանդիսացող յիշեալ գումարը փոխանցել է վերջիններիս մատնանշած եւ նրանց հետ փոխկապակցուած՝ արտերկրում գրանցուած կազմակերպութիւնների հաշուեհամարներին, իսկ գործարքի յանցաւոր բնոյթը թաքցնելու եւ քողարկելու համար ձեւականօրէն կնքուել է փոխառութեան 2 պայմանագրեր», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Քրէական գործի ծիրէն ներս ձեռք բերուած փոխկապակցուած, հաւաստի բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ տնտեսվարող հաստատութեան ղեկավարին առաջադրուած է մեղադրանք Քրէական օրէնսգրքի համապատասխան յօդուածներով, իսկ որպէս խափանման միջոց դատարանի կողմէն ընտրուած է կալանաւորումը, կը փոխանցէ ԱԱԾ-ն:

«Նախաքննութիւնը շարունակուում է, միջոցներ են ձեռնարկուում տեւական եւ քողարկուած հակաիրաւական գործունէութեանը ներգրաւուած անձանց ամբողջական շրջանակը,դրամատնային փոխանցումներով օրինականացուած եկամուտների վերջնական տեղաշարժը եւ դրանց հասցէատէրերին պարզելու, յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած գոյքի բռնագանձումն ապահովելու ուղղութեամբ», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը քննէ ՊԵԿ նախկին ղեկավար՝ Գագիկ Խաչատրեանի եւ իր որդիներու, ինչպէս նաեւ «Մուլթի Կրուփ» ձեռնարկութեան գործադիր տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանի քրէական գործերը։ Մամուլը գրած է, որ Առուստամեանի այս գործով մեղադրանքը առնչուած է Խաչատրեաններու գործին հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment