Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Տեսակապով Ժողով Կայացուցած Է Եւրոպական Զարգացման Դրամատան Նախագահին Հետ

Վարչապետը Տեսակապով Ժողով Կայացուցած Է Եւրոպական Զարգացման Դրամատան Նախագահին Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսակապով ժողով կայացուցած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական  դրամատան (ՎԶԵԲ) նախագահ Սումա Չաքրապարթիի հետ:Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի կառավարութեան եւ ՎԶԵԲ-ի միջեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Սումա Չաքրապարթին ողջունած եւ դրական համարած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի կապակցութեամբ ՀՀ կառավարութեան հակաճգնաժամային միջոցառումներուն իրագործումը եւ նշած է, որ ՎԶԵԲ-ը լիարժէքօրէն կ’աջակցի հայկական կողմի քայլերուն ու ծրագիրներուն:

ՎԶԵԲ-ի նախագահը ընդգծած է, որ դրամատունը աշխուժօրէն պիտի շարունակէ Հայաստանի փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան օժանդակութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ երկրի ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, արտաքին առեւտուրի եւ այլ ուղղութիւններով մինչեւ ճգնաժամը նախանշուած ներդրումային ծրագիրները:

Նիկոլ Փաշինեան, իր հերթին, նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ ենթակառուցուածքային դրամագլուխային ներդրումային ծրագիրները եւ պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ գործողութիւնները, այդպիսով խթանելով տնտեսութեան աշխուժացումը:

Տեսակապով ժողովի ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան եւ Սումա Չաքրապարթին միտքեր փոխանակած են «Քորոնա» ժահրի հետ պայմանաւորուած ստեղծուած իրավիճակին եւ անոր տնտեսական հետեւանքներու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment