Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ապրիլեան Պատերազմին Մեր Կորուստը Եղած է 400 Հեքթար. Լեւոն Մնացականեան

Ապրիլեան Պատերազմին Մեր Կորուստը Եղած է 400 Հեքթար. Լեւոն Մնացականեան

by MassisPost

Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովին, Ապրիլ 27-ին, յանձնաժողովի անդամներու հարցերուն պատասխանած է Արցախի Պաշտպանութեան նախկին նախարար, ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեան: Նիստէն յետոյ ան անադրադարձաւ այն հարցին, թէ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հայկական կողմի կորսնցուցած տարածքը ինչքան էր ի վերջոյ: «Մեր հաշուարկով՝ մինչեւ 400 հեքթար»,- ըսաւ Մնացականեան:

Ան նշեց, որ յանձնաժողովի անդամներուն հետ եղած է անկեղծ, անմիջական պատասխաններ տուած է եւ ներկայացուցած է իրականութիւնը:

april-4-day-war

Հարցին, թէ ի՞նչ բացթողումներ տեղի ունեցած են ապրիլեան պատարեզմի ժամանակ եւ անոնք կրնայի՞ն էական նշանակութիւն ունենալ պատերազմի ընթացքի համար, ան պատասխանեց՝ ի հարկէ, ոչ:

«Միանշանակ, Պաշտպանութեան բանակը կատարել է իր առջեւ դրուած խնդիրը, յաղթանակել է: Եւ այն թերութիւնները, որոնք կան, ցանկացած տեղ էլ անելիքներ կան, Պաշտպանութեան բանակը աշխատում է այդ ուղղութեամբ: Իմ մասով էլ կար բացթողում»,- աւելցուց ան: Լեւոն Մնացականեան ըսաւ, որ դեռեւս չ’ուզեր պատասխանել այն հարցին, թէ հետախուզութեան մասով թերութիւններ եղա՞ծ են ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, թէ ոչ:

«Հարցեր կան, որոնք դեռ պէտք է ճշդուեն: Յանձնաժողովը կ’որոշի՝ կարիք կը լինի նեկայացնելու, կը ներկայացնի: Մենք մեր խնդիրը կատարել ենք, ի՞նչ ճակատագրական խնդրի մասին է խօսքը»,- նշեց ան: Անդրադառնալով զոհերու մասին հարցին, Մնացականեան ըսաւ. «100-ից աւելի զոհ չի եղել, ապրիլի 2-ից մինչեւ 5-ը եղել է 75 զոհ, որից 35-ը ժամկէտային զինծառայող են եղել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment