Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլ 24-ը Նաեւ Մարդկութեան Դէմ Ուղղուած Ծանրագոյն Յանցագործութեան Օր է. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ուղերձը

Ապրիլ 24-ը Նաեւ Մարդկութեան Դէմ Ուղղուած Ծանրագոյն Յանցագործութեան Օր է. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ուղերձը

by MassisPost

Ապրիլ 24-ը ոչ միայն Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու խնկարկման, այլ նաեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութեան օր է։ Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, Ծիծեռնակաբերդէն ուղերձով հանդէս եկաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը համամարդկային օրակարգի հարց է:

«Այսօր մեր ժողովրդի զաւակներն աշխարհի բոլոր անկիւններում ոգեկոչում են Հայոց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերին: Ինչո՞ւ մէկ դար անց չեն մարում մեր զգացմունքները, իսկ մեր սրտերում էլ աւելի վառ է այրուում յիշատակի ճրագը: Պատասխանը պարզ է: Անցել է մէկ դարից աւելի, սակայն չեն վերացուած ցեղասպանութեան հետեւանքները: Առ այսօր Թուրքիան կատարուածի համար որեւէ զղջում չի յայտնել, ներողութիւն չի հայցել: Դա է պատճառը, որ մենք այսօր յայտարարում ենք՝ յիշում ենք եւ պահանջում:

Ընդ որում, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մենք համարում ենք ոչ միայն մեր ազգային, այլեւ համամարդկային օրակարգի հարց, որովհետեւ Ապրիլի 24-ը ոչ միայն մեր անմեղ զոհերի խնկարկման օր է, այլ նաեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութեան՝ ցեղասպանութեան եւ ցեղասպան գործողութիւնների մասին եւս մէկ անգամ բարձրաձայնելու, սթափութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի կոչելու օր, ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած այլ ծանրագոյն յանցագործութիւններից մարդկութեանը պաշտպանելու՝ պետութիւնների պատասխանատուութեան վերահաստատման օր», – նշեց վարչապետը:

Հայ ժողովուրդը յաղթած է մահը, ըսաւ վարչապետը, ընդգծելով, որ մէկուկէս միլիոն մեր սրբադասուած նահատակները աւելի ուժեղացուցած են ապրելու, արարելու, հզօրանալու, յիշելու եւ պահանջելու մեր կամքը։ Փաշինեանի խօսքով՝ մեր ժողովուրդին նետուած մարտահրաւէրները այսօր ալ գոյութիւն ունին, եւ անոնց դիմակայելու միակ արդիւնաւէտ միջոցն ու գործիքը ուժեղ, ինքնիշխան պետականութիւնն է, որ պատրաստ է դիմակայել անվտանգութեան բոլոր սպառնալիքները:

«Այո, մենք պէտք է ջանք չխնայենք տարածաշրջանում երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու, բոլոր տարաձայնութիւններն ու հակամարտութիւնները փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ, բանակցային գործընթացներով, խաղաղ միջոցներով լուծելու համար: Բայց այսպիսի արդիւնքի հասնելու իրական հնարաւորութիւն կարող է ստեղծել միայն ինքն իրեն պաշտպանելու ընդունակ, արժանապատիւ եւ ինքնիշխան պետութիւնը:

Իսկ ինքն իրեն պաշտպանելու ընդունակ, արժանապատիւ եւ ինքնիշխան պետութիւն ունենալու համար մեզ հարկաւոր է ունենալ ժամանակակից բոլոր չափանիշներին համապատասխանող կրթական համակարգ,  ուժեղ զարգացող բարձր տեխնոլոգիական տնտեսութիւն, ռազմարդիւնաբերական կայացած համալիր, հզօր բանակ եւ յատուկ ծառայութիւններ, իսկ այսպիսի արդիւնքի հասնել հնարաւոր է միայն համահայկական ներուժի համախմբմամբ», – յայտարարեց վարչապետը։

Այս տարի ապրիլ 24-ը կը դիմաւորենք բացառիկ պայմաներով։ Համաճարակի պատճառով փակ են դէպի Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիր գացող ճանապարհները։ Այսօր անմար կրակի մօտ ծաղիկ դրին, գլուխ խոնարհեցին միայն իշխանութեան ներկայացուցիչները։ Այդուհանդերձ   համացանցի  ընկերային  ցանցերու միջոցաւ հնարաւոր է յարգանքի տուրք մատուցել անմեղ զոհերու յիշատակին։

Ապրիլ 23-ի երեկոյեան ժամը 21:00-ին մարուեցան  բնակարաններու լոյսերը եւ եկեղեցիներու զանգերու ներքեւ պատուհաններէն մոմի ճրագով, հեռախօսի լամպերով մարդիկ քանի մը րոպէով միացան լուսավառ ոգեկոչման միջոցառման։

Ապրիլ 24ին, 1915 կարճ համարին անուն ազգանուն ուղարկելով, հնարաւոր կ’ըլլայ մասնակցիլ ժամը 22:00-ին սկսող երթին։ Մինչեւ լուսաբաց բոլորի անունները կ’արտապատկերուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի սիւներուն վրայ։ Ի դէպ Փաշինեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է, որ մինչեւ կէսօր արդէն իսկ 85 հազար 575 անուն ուղարկուած է։

Ապրիլ 24ի առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, Ծիծեռնակաբերդ այցելած են նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։ Խոնարհումի արարողութեան ուղեկցած է դաշնակահար Հայկ Մելիքեանի կենդանի կատարումը։

Ի դէպ, յարգանքի տուրքը գեղարուեստական ծրագիրով կը շարունակուի ժամը 22։00-ին: Մինչեւ լուսաբաց կը հնչեն դասական եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment