Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Տարին կը Փակէ 2 Տոկոս Տնտեսական Անկումով

Հայաստանը Տարին կը Փակէ 2 Տոկոս Տնտեսական Անկումով

by MassisPost

Կառավարութիւնը այլեւս կ’ընդունի, որ Հայաստանը տարին կ’ամփոփէ տնտեսական անկումով՝  2 տոկոս բացով, ու հետեւանքները չեզոքացնելու նպատակով կը պատրաստուի ներգրաւել աւելի քան կէս միլիառ տոլար լրացուցիչ պարտք։

Գործադիրի Ապրիլ 23-ի նիստին, հաւանութեան արժանացաւ Հայաստանի 2020 թուականի պիւտճէի մասին օրէնքի փոփոխութիւն եւ լրացումներ կատարելու նախագիծը, զոր դեռ պէտք է հաստատէ Ազգային ժողովը։

Դեռեւս գործող պիւտճէի համաձայն՝ Հայաստանը պէտք է ամփոփեր տարին 4,9 տոկոս տնտեսական աճով։ Ֆինանսներու  նախարար՝ Ատոմ ՃանՃուղազեանը նշեց, որ այս տարուայ պետական պիւտճէն ծրագրած ժամանակ գործնականօրէն հնարաւոր չէր կանխատեսել, թէ ինչ տեղի պիտի ունենայ հետագային եւ աշխարհին մէջ չկայ որեւէ պետութիւն, որու տնտեսութիւնը չէ ենթարկուած համավարակի բացասական ազդեցութեան։

Նախարարը ներկայացուց երեք հիմնական պատճառ, որոնց բացասական ազդեցութիւնը էական է Հայաստանի տնտեսութեան համար. հանքահումքային ոլորտի մէջ, աշխարհով կը նկատուի պահանջարկի՝ հետեւաբար գիներու անկում, զբօսաշրջութեան ոլորտը, փաստօրէն, դադրած է գործելէ ու այս տարուայ կանխատեսումներն ալ լաւատեսական չեն, եւ վերջապէս՝ մասնաւոր փոխադրութիւններու ոլորտը, ուր նոյնպէս անկում կը սպասուի նախատեսուածին համեմատ։

«Մենք տուել ենք արդէն ամբողջական գնահատականը, ամբողջն իրար հետ՝ ներքին սահմանափակումները եւ արտաքին սահմանափակումները հաշուի առնելով կանխատեսուում է, որ մեր համախառն ներքին արդիւնքը կ’ունենայ բացասական մեծութիւն 2 տոկոս չափով: Սա տարբերուում է ծրագրուած եւ պիւտճաւորուած տնտեսական զարգացումների կանխատեսումների հիմքում ընկած տնտեսական աճի ցուցանիշից, այն 4,9 տոկոս էր, ուղղակի յիշեցնելու համար ասեմ, հետեւաբար դրա արձագանգման քաղաքականութիւն պիտի իրականացուի: Այստեղ շատ կարեւոր է այն հանգամանքը, կարծում եմ, որ մենք ունենք մինչ այժմ կուտակած ներուժ, որը կարող է հենց այսպիսի իրավիճակի համար օգտագործուել», – ըսաւ Ճանճուղազեանը:

Ֆինանսներու նախարարը յիշեցուց, որ նշուած բացասական զարգացումներուն հակազդելու նպատակով, կառավարութիւնը արդէն իսկ յայտարարած է մօտ 150 միլիառ դրամ ծախսելու մասին։ Սակայն այդ գումարը հայթայթելու համար անհրաժեշտ է լրացուցիչ պարտք վերցնել, որովհետեւ տնտեսութեան անկումը պիտի յանգի հարկային եկամուտներու կրճատման։ Կը նախատեսուի, որ ծրագրուածէն շուրջ 170 միլիառ դրամ պակաս հարկ ու տուրք պիտի հաւաքուի այս տարի։

«Գնահատականը մօտաւորապէս 260 միլիառ դրամ է լրացուցիչ ֆինանսական միջոցների ներգրաւման, որը անհրաժեշտ կը լինի, որպէսզի ապահովուի քիչ առաջ ներկայացուած տարբերակի իրականացումը: Սա նշանակում է, որ նաեւ հաշուի առնելով համախառն ներքին արդիւնքի սպասուող մեծութիւնը, մեր պետական պարտք/համախառն ներքին արդիւնք ցուցանիշը կ’աճի եւ կը մօտենայ 60 տոկոս մակարդակին, մինչդեռ 2019 թուականի արդիւնքներով մենք ունէինք կառավարութեան պարտք/համախառն ներքին արդիւնք յարաբերակցութեան 50 տոկոս մակարդակ», – նշեց Ատոմ Ճանճուղազեանը:

Ըստ Ֆինանսներու նախարարութեան, այս տարուայ Մարտի վերջաւորութեան Հայաստանի պետական պարտքը, որ իր մէջ կը ներառէ կառավարութեան ու Կեդրոնական դրամատան արտաքին ու ներքին պարտքերը, կը կազմէ 7 միլիառ 289 միլիոն տոլար, ինչ որ նախորդ տարուայ վերջաւորութեան համեմատ պակաս է աւելի քան 34 միլիոն տոլարով։

Յիշեցնենք, որ նախորդ անգամ Հայաստանի մէջ տնտեսական անկում գրանցուած էր 2009 թուականին՝ 14,1 տոկոս, եւ այդ ցուցանիշով Հայաստանը աշխարհի առաջին տեղն էր։ Թէ որքա՞ն նման կ’ըլլայ այս ճգնաժամը նախորդին, դիմեցինք տնտեսագէտ, Հայ ազգային քոնկրէսի ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեանին։ Արձագանգեց՝ ի տարբերութիւն 2009-ի, այսօր որոշած են կառավարութիւնները կանգնեցնել տնտեսութիւնները, մտահոգուելով մարդոց առողջութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment