Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ- Համաճարակէն Առաջ Եւ Ետք` Կը Մնանք Հաւատարիմ Մեր Նահատակներու Կտակին

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ- Համաճարակէն Առաջ Եւ Ետք` Կը Մնանք Հաւատարիմ Մեր Նահատակներու Կտակին

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը կը նշենք աշխարհը կլանած համաճարակի դժուարին պայմաններուն տակ: Ստեղծուած արտակարգ իրավիճակը ստիպած է մեզ առկախելու հրապարակային միջոցառումներն ու բողոքի ցոյցերը` Լոս Անճելըսէն մինչեւ Երեւան:

ՍԴՀԿ կը միանայ Հայկական Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առթիւ իրագործուող իւրայատուկ միջոցառումներուն եւ կ՛ողջունէ Լոս Անճելոսահայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու համախմբումն ու միասնականութիւնը:

Եղեռնի արհաւիրքը ապրած եւ ջարդի, կոտորածներու ու տեղահանութեան դաժան պայմանները տեսած ու ապրած Հայութեան համար ներկայ օրերու դժուարութիւնները անհամեմատելի են այն տառապանքներուն առջեւ, որ դիմակալեցին մեր նախնիները անցեալ դարասկիզբին` ենթարկուելով տեղահանութեան ու կոտորածներու:

Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ներս ծրագրուած առցանց միջոցառումները եւ մարդասիրական ծրագիրները կու գան փաստելու, որ Հայ ժողովուրդը կը մնայ հաւատարիմ իր նահատակներու կտակին ու կը շարունակէ պայքարը` անոնց յիշատակը վառ պահելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու նպատակով: Անգամ մը եւս մենք կու գանք վերահաստատելու` «կը յիշենք ու կը պահանջենք» կարգախօսը:

Տիրող այս արտակարգ պայմանները մենք կ՛օգտագործենք մարդասիրական նախաձեռնութիւններ ու ծրագիրներ իրականացնելու համար: 1.5 միլիոն կարիքաւորներու ճաշ սպասարկումով ու Ամերիկեան Կարմի Խաչի արիւնարշաւին մասնակցելով մեր երախտագիտութիւնը կու գանք յայտնելու Ամերիկացի ժողովուրդին եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնեցին ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ու հայ որբերուն:

Թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը ու պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը: Սակայն, անցնող մէկ տարուայ ընթացքին Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները ստացան նոր թափ ու հայութեան յառաջ տարած հետեւողական պայքարը պսակուեցաւ նորանոր յաջողութիւններով: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի երկու պալատները` Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը յաջորդաբար ճանչցան ու վերահաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Թրքական բողոքներն ու սպառնալիքները մնացին ապարդիւն ու Ամերիկեան վարչակազմի միջամտութիւննրեով հանդերձ, ժողովուրդի ընտրեալները մնացին անդրդուելի ու գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուցին Ցեղասպանութիւնը հաստատող բանաձեւերը:

Այս օրերուն, համայն հայութիւնը կը պայքարի համաճարակի դէմ: Մենք վստահ ենք որ, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին պիտի կարողանանք մարդկային ու տնտեսական նուազագոյն կորուստներով յաղթահարել այս հանգրուանը եւս ու գալ տարի դարձեալ պիտի բարձրանանք ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը, պիտի ողողենք Լոս Անճելըսի, Պէյրութի ու այլ հայաշատ քաղաքներու հրապարակները եւ դարձեալ մեր բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնենք թրքական ժխտողական քաղաքականութեան դէմ` մինչեւ որ վերականգնի արդարութիւնը ու Հայ ժողովուրդը տիրանայ իր արդար իրաւունքներուն:

Մինչ այդ, մնանք առողջ ու ապահով:

«Մասիս»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment