Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միքայէլ Մինասեան կը Մեղադրուի Ապօրինի Հարստացման եւ Փողերու Լուացման Մէջ. Ան Հետախուզման Մէջ է

Միքայէլ Մինասեան կը Մեղադրուի Ապօրինի Հարստացման եւ Փողերու Լուացման Մէջ. Ան Հետախուզման Մէջ է

by MassisPost

ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի քննչական վարչութենէն ներս  կատարուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար տուեալներու հիման վրայ, 2020 թուականի մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն յարուցուած են քրէական գործեր, Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Արայի Մինասեանի կողմէն առերեւոյթ կատարուած հանրօրէն վտանգաւոր արարքներու դէպքերուն առթիւ:

Կատարուած նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ որոշուած է Միքայէլ Արայի Մինասեանին ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 310.1-րդ յօդուածի 1-ին մասով (ապօրինի հարստանալու), 314.3-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (յայտարարագրման ենթակայ առանձնապէս խոշոր չափերու տուեալները թաքցնելու) եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով (առանձնապէս խոշոր չափերու յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյք օրինականացնելու) որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին:

Քրէական գործի նախաքննութեամբ հիմնաւորուած է, որ Մ. Մինասեանը, հանդիսանալով «Հանրային ծառայութեան մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած՝ յայտարարագիր ներկայացնելու պարտականութիւն ունեցող անձ, հաշուետու ժամանակահատուածին՝ 2017-2018 թուականներու ընթացքին, մեծ ծաւալի ֆինանսական միջոցներու չափով աւելցուցած է իր գոյքը, որ էականօրէն գերազանցած է իր օրինական եկամուտները եւ ողջամտօրէն չէ հիմնաւորուած անոնցմով, այսինքն՝ ապօրինի հարստացած է: Բացի այդ, նոյն հաշուետու ժամանակահատուածներուն համար Բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու բարոյական յանձնաժողով ներկայացուած յայտարարագիրներուն մէջ թաքցրած ու չէ յայտարարագրած յայտարարգրման ենթակայ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի մասին տուեալներ, ինչպէս նաեւ օրինականացուցած է յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերու գոյք:

23 Մարտ, 2020-ին որոշում առնուած է Մ. Մինասեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու մասին, եւ նոյն օրը միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ մեղադրեալ Մ.Մինասեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց կիրառելու մասին:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի, Մ.Մինասեանի կողմէ հնարաւոր կատարուած հանրօրէն վտանգաւոր այլ արարքները բացայայտելու եւ անոնց մէջ մասնակցութիւն ունեցող անձերու ամբողջական շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ:

Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէն, նախաքննութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններու հանրայնացման ուղղութեամբ միշտ դրսեւորելով զսպուածութիւն եւ ապահովելով նախաքննութեան գաղտնիքի խիստ սահմանները, յորդորած է զերծ մնալ կատարուող քննչական եւ դատավարական գործողութիւններուն անհիմն եւ չփաստարկուած գնահատականներ տալէն։

Ծանուցում: Ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով սահմանուած կարգով, դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment