Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Պարզաբանում կը Պահանջէ Փաշինեանէն Լաւրովի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Պարզաբանում կը Պահանջէ Փաշինեանէն Լաւրովի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

by MassisPost

Խորհրդարանական ընդդիմութեան համոզումով՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է արձագանգէ Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման շուրջ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահող Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան։

Յիշեցնենք, որ Լաւրով Ապրիլ 21-ին ըսած էր, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այժմ աշխուժօրէն կը քննարկեն ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման նախագիծերը, որոնք առաջարկուած են անցեալ տարի Մոսկուայի մէջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ:

Աւելին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը պնդած էր, թէ քննարկուող փաստաթուղթերու հիմքը, խնդրի փուլային կարգաւորման սկզբունքներն են, ըստ որու՝ առաջին փուլին պէտք է ազատագրուին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ  շարք մը շրջաններ, ապա շրջափակուին փոխադրական, տնտեսական ու հաղորդակցութեան այլ միջոցները։

Ի պատասխան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան ըսած էր, թէ որեւէ կերպ անհնար է ենթադրել, որ հայկական կողմերէն որեւէ մէկը կրնայ երթալ զիջումներու, որոնք կրնան վտանգի տակ դնել Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը։

Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ կը հաւատայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, բայց անհրաժեշտ է, որ Նիկոլ Փաշինեանը արձագանգէ։

«Շատ կարեւոր է, որ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նոյնպէս արձագանգի: Մերոնք ասում են՝ բանակցութիւն չկայ, ուղղակի քննարկումներ են, Լաւրովն ասում է՝ բանակցութիւններ կայ եւ կայ էս փաստաթուղթը», – նշեց Մարուքեան:

«Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօք, Սերկէյ Լաւրովը ճիշդ չէ՞ ըսած, իրականութեան մէջ չկա՞ն նման փաստաթուղթեր, չկա՞ն բանակցութիւններ, ինչպէս կը հաստատէ հայկական կողմը, «Լուսաւոր Հայաստան»-ի ղեկավարը պատասխանեց. «Պէտք է մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ըստ էութեան, ստանձնի այն պատասխանատուութիւնը, որ ասի՝ սուտ են ասում, հիմա կա՛մ պէտք է դա ասեն, կա՛մ պէտք է ընդունեն, որ նման հարց է քննարկուում»:

«Միանշանակ պէտք է բացատրութիւն պահանջել, եւ առաջինը մեր հասարակութեանը պէտք է տալ պարզաբանում եւ յետոյ պարզաբանում պահանջել ռուսական կողմից», – աւելցուց Էտմոն Մարուքեան:

Խորհրդարանական ընդդիմադիր ամենամեծ խմբակցութեան՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի պատգամաւոր Նաիրա Զոհրապեանի համոզումով նոյնպէս, Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնները լուրջ պարզաբանման կարիք ունին։ Ըստ Զոհրապեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարզաբանումը խիստ թերի էր, հետեւաբար, վարչապետը ինք անձամբ պէտք է պարզաբանումով հանդէս գայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment