Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պետրոս Ղազարեան Հեռացած է Հանրային Հեռուստաընկերութենէն

Պետրոս Ղազարեան Հեռացած է Հանրային Հեռուստաընկերութենէն

by MassisPost

Հանրային հեռուստառատիոընկերութեան խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր ափսոսանք կը յայտնէ ՀՀ վարչապետի տեսաուղերձի հեռարձակման հետ առնչուող միջադէպին համար, որու հետեւանքով Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարկարիթա Գրիգորեան պարտաւորուած եղաւ հրաժարական տալ։

«Խորհուրդը յարգում է գործադիր տնօրէնի անձնական պատասխանատուութիւն կրելու որոշումը՝ ընդունելով նրա հրաժարականը։ Միաժամանակ Խորհուրդն իր գնահատանքն է յայտնում Մարկարիթա Գրիգորեանին՝ Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնում արդիւնաւէտ, մասնագիտական եւ անձնուէր աշխատանքի համար։ Խորհուրդը Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար է նշանակել Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական հարցերով տնօրէնի տեղակալ Արմէն Սարգսեանին։

«Իրենց դիմումների համաձայն՝ զբաղեցրած պաշտօններից ազատուել են նաեւ լրատուական ծառայութեան տնօրէն Պետրոս Ղազարեանը եւ հեռուստաընկերութեան  բեմադրիչներէն ՝ Վարդան Յակոբեանը։ Լրատուական ծառայութեան տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար է նշանակուել տնօրէնի տեղակալ Ռուբէն Շահինեանը։ Առաջիկայում Խորհուրդը կը ձեւաւորի մրցութային յանձնաժողով եւ կը յայտարարի մրցոյթ Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնի համար»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment